Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ արձանագրուած սահմանադրութեան խախտումները` խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին, կոչ ուղղելով կասեցնելու փտածութիւնն ու մսխումները:
Հանրապետութեան հանդիպումը ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի տեղեկագիրը, որ կը վերաբերէր Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին գործադրութեան:
Հանդիպումը ողջունեց Կութիերեսի կատարած «Պաապտայի յայտարարութեան» ակնարկութիւնը, որ կը վերաբերէր ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան իմաստով Լիբանանի արձանագրած շեղումներուն:
Նշենք, որ Կութիերես ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին գործադրութեան մասին պատրաստած իր տեղեկագիրին մէջ կոչ ուղղած էր լիբանանցիներուն օգտուելու Լիբանանի վայելած քաղաքական ու ապահովական կայունութենէն եւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութենէն: Ան կոչ ուղղած էր Լիբանանի կառավարութեան կատարելու միջազգային իր պարտաւորութիւնը եւ թիւ 1559 բանաձեւին շրջագիծին մէջ ապազինելու Հըզպալլան` կառչած մնալով «Պաապտայի յայտարարութեան», ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան եւ հեռու մնալով Սուրիոյ կամ շրջանային որեւէ այլ երկրի հարցերուն միջամուխ դառնալէ:
Կութիերես շեշտած էր, որ Հըզպալլա միլիս մըն է, որ Լիբանանի կառավարութեան հակակշիռին տակ չի գտնուիր եւ սահմանադրական կամ ժողովրդավարական որեւէ հաստատութեան հաշուետու չէ:
«Այս իրավիճակով ան կրնայ Լիբանանը միջամուխ դարձնել զինեալ որեւէ տագնապի, ինչպէս նաեւ արգիլել, որ լիբանանեան պետութիւնը ամբողջ երկրին տարածքին իր գերիշխանութիւնը պարտադրէ», ըսաւ Կութիերես:
Ան խստիւ դատապարտեց նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց իսրայէլեան ուժերուն կասեցնելու Լիբանանի վերեւ թռիչքները եւ հեռանալու Ղաժար գիւղաքաղաքէն:


