Անցնող օգոստոսին սկսած սէուտեւիրաքեան փոխադարձ այցելութիւնները ազդանշանը կու տային շուրջ երեք տասնամեակներու յարաբերութեանց խզումին սառցահալին:
Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի Իրաք այցելութենէն ետք սէուտական առեւտրական օդանաւ մը 27 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով երէկ էջք կատարեց Իրաքի օդակայանին մէջ:
Ըստ Իրաքի օդակայանի մէկ պատասխանատուին, սէուտական օդանաւերը պիտի երթեւեկեն Ռիատի եւ Իրաքի բոլոր քաղաքներուն միջեւ: Նմանապէս սէուտական օդանաւորդութեան մէկ ընկերութեան պատասխանատու Պանտար Մհաննա յայտարարեց, որ այս քայլը պիտի միացնէ երկու եղբայրական պետութիւնները:
Նշենք, որ 1990-ին Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ղեկավարած դէպի Քուէյթ ներխուժումին պատճառով յարաբերութիւնները խզուած էին երկու պետութեանց միջեւ:
Ըստ մեկնաբաններու, սէուտական այս քայլը կը միտի հակակշռել շրջանին մէջ «Իրանի հետզհետէ աճող ազդեցութիւնը»:



