Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

October 19, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

2006-ի իսրայէլեան ներխուժումի ժամանակ յաճախ խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի նոր քարտէսին մասին:

Միացեալ Նահանգներու օրուան արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսը շրջագայութեան մէջ դրաւ Միջին Արեւելքի նոր  քարտէսը: Եթէ կը յիշէք, այդ քարտէսին մէջ Քիւրտիստանը առանձնաբար կը յիշատակուէր: Տասնմէկ տարի ետք, հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած զանազան վերիվայրումներուն, «Արաբական գարուն»-ի յեղափոխութեան իշխանութիւններու փոփոխութիւններուն, Սուրիոյ տագնապին միջազգային միջամտութեամբ հարցերու լուծում գտնելու ճիգին` այսօր մենք ականատես ենք Քիւրտիստանի հանրաքուէին:

Եղածը այդքան ալ անմեղ եւ պարզ հանրաքուէ մը չէ:

Փաստօրէն երբ կը մշակուին մեծապետական ծրագիրները, բնականաբար անոնք  հակազդեցութիւններու կը հանդիպին: Սակայն, մեծապետական շահերէ մեկնած, սակարկութիւններու լոյսի տակ անպայման այդ ծրագիրները կ՛իրագործուին:

Քիւրտիստանի օրակարգը այս պրիսմակէն պէտք է դիտել: Ինչո՞ւ քիւրտերը, այսքան տարիներէ ի վեր, այսօր ունեցան յանդգնութիւնը հանրաքուէ կատարելու:

Ինչպէ՞ս Իրան, Թուրքիա եւ Իրաք` զանազան օրակարգերով հակադրուող պետութիւններ, այս օրակարգով միացան: Ինչպէ՞ս Ամերիկան լուռ հետեւող է կացութեան եւ ձեւով մը, լռելեայն, կանաչ լոյս տուած ըլլալ կը թուի:

Պատմական պահ մըն է քիւրտերուն համար: Մենք բնականաբար ինքնիշխան պետութիւններ ունենալու եւ ժողովուրդներու անկախ ու ազատ ապրելու կամքին հետ ենք:

Սակայն միայն այսքանով վերջ պիտի չգտնէ Միջին Արեւելքի նոր քարտէսը: Այսօր Իրաքն է, վաղը Սուրիան, աւելի ուշ, ինչո՞ւ չէ, Թուրքիան:

Միջին Արեւելքի նոր քարտէսի մը առաջին քայլն է Քիւրտիստանի հանրաքուէն:

Տասնմէկ տարի ուշացումով կ՛իրագործուի այդ քարտէսը, սակայն ժողովուրդներու կամքը կը մնայ ամենազօրաւորը:

Վերջապէս, պէտք է հաստատել նաեւ, որ եթէ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը դիւրին ըլլար, բնականաբար քարտէսի իրագործումը  կ՛արագանար: Սուրիոյ իշխանութեան ամրապնդումը ծրագիրը խանգարեց: Այսօր Իրաքը ամէնէն տկար օղակը համարուելով` կը թուի հոնկէ սկսելու որոշում տրուած է: Սակայն քարտէսի ամբողջացումը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ:

 

Նախորդը

Գաղափարական Հարցեր. Արմատական Ձախի Արձագանգը` Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ

Յաջորդը

«Հայաստանէն Դուրս Երուսաղէմը Հայագիտութեան Եւ Հայկական Արուեստի Ամէնէն Հարուստ Նիւթերը Ունեցող Կեդրոնն Է» «Նոր Յառաջ»-ին Կ՛ըսէ Պատմաբան Արմէն Քլոտ Մութաֆեան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.