Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափոր (Միքայէլեան, 1859-1905). Վերածնուած Հայաստանի ու հայկական յեղափոխութեան դրօշակիր առաջնորդը

October 18, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Պ.

158 տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բեր 18ի լու­սա­ւոր օր մը, ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը ծնունդ տո­ւաւ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան ա­նուն ա­րու զա­ւա­կի մը, որ կո­չո­ւած էր մարմ­նա­ւո­րե­լու բազ­մա­չար­չար ու­ղի կտրած եւ ստոյգ մա­հո­ւան ան­դուն­դը գլո­րող մեր ժո­ղո­վուր­դին վե­րած­նե­լու, այ­լեւ բաց ու խրոխտ ճա­կա­տով ազ­գե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը վե­րա­հաս­տա­տե­լու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քը։
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ հան­դի­սա­ցաւ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան մար­տու­նակ խմբա­ւո­րում­նե­րու միա­ւո­րող գա­ղա­փա­րա­կան մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյն ու կեդ­րո­նա­կան դէմ­քը։

Ք­րիս­տա­փոր իր բո­լոր ու­ժե­րով ծա­ռա­յեց մէկ ու միակ այն վեհ դա­ւա­նան­քին, այ­լեւ՝ Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի այն մէկ ու միակ հա­ւա­տամ­քին, որ կը խտա­նայ դա­րե­րուն ուղ­ղո­ւած իր յան­դուգն պատ­գա­մին մէջ.- «­Պատ­ռել է հար­կա­ւոր քար­տէս­նե­րի վրայ այս կամ այն ա­ւա­զա­կա­պե­տի կամ­քով գծո­ւած սահ­ման­նե­րը, ջնջել է հար­կա­ւոր այն աշ­խար­հագ­րա­կան ներ­կե­րը, ո­րոնք մեզ բա­ժա­նում են ի­րա­րից եւ ո­րոնք առ­հա­սա­րակ մշտա­կան չեն, իսկ եր­բեմն շատ կար­ճա­տեւ են լի­նում։

«Ո՛չ մի բռնու­թիւ­ն, ո՛չ մի հա­լա­ծանք, ո՛չ մի սահ­ման չէ կա­րող բա­ժա­նել մի ժո­ղո­վուրդ, ե­թէ նա տո­գո­րո­ւած է ընդ­հա­նուր շա­հե­րի գի­տակ­ցու­թեամբ, ու­նի նաեւ կռո­ւե­լու ան­սա­սան վճռո­ղա­կա­նու­թիւն եւ կա­պո­ւած, միա­ցած է դա­րե­րով սնո­ւած ու պահ­պա­նո­ւած ընդ­հա­նուր բնազդ­նե­րի ու զգաց­մունք­նե­րի ա­ռողջ զար­կե­րով»։
Ք­րիս­տա­փո­րեան այ­դօ­րի­նակ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ եւ մար­տու­նակ հա­յու­թեան ցի­րու­ցան կամ­քե­րը միա­ձու­լե­լու կազ­մա­կերպ­չա­կան հզօր տա­ղան­դով կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ու թրծո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան յա­ռա­ջա­տար ու­ժը դար­ձաւ՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն իբ­րեւ ներշնչ­ման աղ­բիւր կտա­կե­լով հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դար­բի­նը կեր­պա­ւո­րող Ք­րիս­տա­փո­րի ան­մահ ա­ւան­դը։

Կամ­քեր կռա­նե­լու եւ հզօ­րաց­նե­լու բնա­տուր հան­ճա­րով էր օժ­տո­ւած Ք­րիս­տա­փոր ու կրցաւ, հա­յոց ցի­րու­ցան եւ ե­սա­կեդ­րոն կամ­քե­րէն, հա­ւա­քա­կան ու կազ­մա­կերպ ուժ եւ միա­ձոյլ կամք ստեղ­ծել՝ բո­լո­րը յա­րա­տեւ կռո­ւի մղե­լով ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեան ո­գիով։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի կե­ցու­թեան ընդ­հա­նուր բա­րեշրջ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ դա­տին անն­կուն դրօ­շա­կիրն է Ք­րիս­տա­փոր, որ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, ան­յող­դողդ կամ­քով եւ ա­րու­թեան գոր­ծե­րով՝ գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ան­վե­հեր եւ եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րի ու­ղին հար­թեց հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։

Ք­րիս­տա­փոր մա­նա­ւա՛նդ մարմ­նա­ւո­րումն է ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի դաշ­տե­րէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լու ՀԱ­Յու հաս­տա­տա­կա­մու­թեան՝ դա­րե­րով գե­րու­թեան, անձ­նա­տո­ւու­թեան եւ մեղ­կու­թեան հա­մա­կեր­պած հայ մար­դոց­մէ կեր­տե­լով նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ՀԱ­Յը, ա­նոր մէջ ամ­րապն­դե­լով յա­նուն ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ Ք­րիս­տա­փոր ի­րա­ւամբ «­Հա­սա­րա­կաց ­Հայր» կո­չո­ւե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի կող­մէ։ ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի հայ­րա­կան շուն­չը Ք­րիս­տա­փոր զգա­լի դար­ձուց ոչ միայն սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած դա­ժա­նա­գոյն ստրկու­թեան դէմ ծա­ռա­ցող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վրայ, այ­լեւ՝ ­Հայ ­Դա­տին ար­դա­րա­ցիու­թեան հա­ւա­տա­ցող եւ ջեր­մե­ռան­դօ­րէն պաշտ­պան կանգ­նող այն բո­լոր գա­ղա­փա­րա­պաշտ օ­տար­նե­րուն վրայ, ինչ­պի­սին էր ան­պայ­ման հա­յա­պաշտ­պան «Փ­րօ Ար­մե­նիա» թեր­թի անձ­նո­ւէր խմբա­գի­րը՝ ­Փիեռ ­Քի­յեառ, որ Ք­րիս­տա­փո­րի նա­հա­տա­կու­թեան ա­ռի­թով պի­տի վկա­յէր.

— «Ես հայ­կա­կան դա­տին վե­րա­բեր­մամբ ո­չինչ չեմ ա­սել, ո­չինչ չեմ գրել, ո­չինչ չեմ ա­րել ա­ռանց հարցնե­լու ինքս ինձ, թէ ի՛նչ կը մտա­ծէր նա՝ այս խօս­քի, այս նա­խա­դա­սու­թեան, այս ա­րար­քի մա­սին»։
Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ­Գողթն գա­ւա­ռի ­Վե­րին Ա­գու­լիս մեծ գիւ­ղի ծնունդ էր Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քեա­լը։ ­Մա­նուկ տա­րի­քէն կեան­քի պայ­քա­րը սկսաւ Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար. 4 տա­րե­կան էր, երբ մայ­րը կորսն­ցուց, իսկ 10 տա­րե­կա­նին՝ հայ­րը։ ­Նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ եւ փայ­լուն ար­դիւն­քով ա­ւար­տեց զայն։ ­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, տես­նե­լով եւ գնա­հա­տե­լով որբ ա­շա­կեր­տին ու­սում­նա­տեն­չու­թիւ­նը, յանձն ա­ռաւ հո­գալ Ք­րիս­տա­փո­րի հե­տա­գայ ուս­ման ծախ­սե­րը՝ պայ­մա­նաւ, որ ան յանձն առ­նէ վե­րա­դառ­նալ գիւղ եւ ստանձ­նել ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն։ Այդ­պէ՛ս, 1874ին, Ք­րիս­տա­փոր ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր եր­կու տա­րո­ւան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան պա­րապ­մուն­քէ ետք՝ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ու­սուց­չա­կան ­Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն քա­ռա­մեայ ուս­ման շրջա­նը ա­ւար­տեց 1880ին ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կով։
Ճե­մա­րա­նի տա­րի­նե­րը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խող Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար։ ­Ռու­սա­կան «­Նա­րոդ­նա­յա ­Վո­լիա» (­Ժո­ղովր­դա­յին Կամք) յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան վե­րել­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր եւ կով­կա­սա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­րած էր ա­նոր տա­րա­ծած ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն։ ­Հա­մա­ռու­սա­կան այդ շարժ­ման ան­մի­ջա­պէս միա­ցաւ նաեւ Ք­րիս­տա­փոր՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ սերտ կա­պեր հաս­տա­տե­լով եւ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն այդ կա­պե­րը ամ­րապն­դե­լով։

Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայր գիւ­ղը եւ եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ Ու­սուց­չա­կան այդ տա­րի­նե­րը Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան ու ըն­կեր­վա­րա­կան խոր հա­մո­զում­նե­րու տէր գոր­ծի­չը։ ­Տե­սաւ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան գոր­ծած ա­ւե­րը ընդ­հան­րա­պէս գիւ­ղա­կան աշ­խար­հին եւ յատ­կա­պէս հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան մէջ։ ­Ծա­ռա­ցաւ այն ա­նար­դա­րու­թեանց եւ ա­նի­րա­ւու­թեանց դէմ, ո­րոնց կ’են­թար­կո­ւէր հայ ժո­ղո­վուր­դը ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ՝ պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ հայ էր…

Ա­մառ­նա­յին իր ար­ձա­կուրդ­նե­րը ­Թիֆ­լիս ան­ցը­նե­լով, Ք­րիս­տա­փոր մօ­տէն շփում հաս­տա­տեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ե­րե­ւան ե­կած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խմո­րում­նե­րուն հետ՝ յատ­կա­պէս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հրա­տա­րա­կած «Մ­շակ»ին շուրջ խմբո­ւած մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լով։ Այդ շրջա­նին է, որ Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ սկսաւ ձե­ւա­ւո­րո­ւիլ ազ­գա­յին հո­ղի վրայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը։ Եւ երբ 1885ին ցա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց փա­կել 400 հայ դպրոց­ներ՝ ա­նոնց 20.000 ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ 3000 ու­սու­ցիչ­նե­րը փո­ղոց ձգե­լով, Ք­րիս­տա­փոր իր ըն­կեր­նե­րով ձեռ­նար­կեց ժո­ղո­վուր­դին մէջ թռու­ցիկ­ներ բաժ­նե­լու եւ բո­ղո­քի ա­լիք բարձ­րաց­նե­լու շար­ժու­մին։ ­Բայց դեռ հա­սուն­ցած չէր յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­թիւ­նը եւ Ք­րիս­տա­փոր չգտաւ այն ար­ձա­գան­գը, որ 1903ին պի­տի ա­ռա­ջա­նար՝ հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման դէմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած բո­ղո­քի շար­ժու­մին ա­ռի­թով։

1885ի վեր­ջե­րուն, մե­ծա­նուն վի­պա­սան ­Րա­ֆիի բա­րե­խօ­սու­թեամբ ­Մոս­կո­ւա­յի մե­ծա­հա­րուստ ­Մել­քոն ­Գաս­պա­րիչ ­Փա­նեան­ցէն նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն գտնե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա, որ­պէս­զի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւի։ ­Բայց մէկ կող­մէ նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թեանց բոր­բո­քու­մը մղե­ցին Ք­րիս­տա­փո­րը, որ եր­կու տա­րի ետք, կի­սատ ձգե­լով հա­մալսա­րա­նա­կան ու­սու­մը, վե­րա­դառ­նայ ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւի յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի աս­պա­րէզ։

Ար­մե­նա­կան եւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն կեան­քի կո­չո­ւած էին, բայց տա­կա­ւին մեծ էր թի­ւը այն խմբակ­նե­րուն, ո­րոնք ­Կա­րի­նէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս եւ ­Մոս­կո­ւա յե­ղա­փո­խա­կան բուռն խմո­րում­նե­րու մէջ էին, բայց միա­ւո­րո­ւած չէին եւ ցի­րու­ցան վի­ճակ մը կը պար­զէին։ Ք­րիս­տա­փոր ձեռ­նար­կեց ե՛ւ նո­րաս­տեղծ զոյգ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ե՛ւ ան­ջա­տա­բար պայ­քա­րի լծո­ւած խմբակ­նե­րը ի­րա­րու մօտ բե­րե­լու եւ միաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Թէեւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ­Ռու­բէն Խա­նա­զատ հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նեց դաշ­նակ­ցու­թեան մը մէջ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ի մի բե­րե­լու գա­ղա­փա­րին, բայց հնչա­կեան կեդ­րո­նը հե­տա­գա­յին մեր­ժեց միա­նալ եւ այդ­պէ՛ս, 1890ի ամ­րան, Ք­րիս­տա­փո­րի եւ ­Զա­ւա­րեա­նի ջան­քե­րով, ծնունդ ա­ռաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։

Նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր աշ­խար­հա­յեաց­քի տէր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու միա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ ա­ռանց­քա­յին ե­ղաւ Ք­րիս­տա­փո­րի անձ­նա­կան ներդ­րու­մը։ ­Յատ­կա­պէս իր նկա­րագ­րով՝ Ք­րիս­տա­փոր յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել գա­ղա­փա­րա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ գործ­նա­կան այն ընդ­հա­նուր ա­ւա­զա­նը, ուր ի­րա­րու կա­պո­ւե­ցան անխ­տիր բո­լո­րը՝ եր­կու տա­րի ետք, 1892ին, դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մար ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մար­տա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման հու­նի մէջ մտցնե­լու դժո­ւա­րին աշ­խա­տան­քը։ ­Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Ռոս­տո­մի հետ գոր­ծակ­ցա­բար, Ք­րիս­տա­փոր ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ը, ո­րուն է­ջե­րուն լոյս տե­սան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րա­գիրն ու քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը հիմ­նա­ւո­րող Ք­րիս­տա­փո­րի ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը։ Ք­րիս­տա­փոր նաեւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ՝ «Դ­րօ­շակ»ի կող­քին ար­տա­սահ­մա­նեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու, «Փ­րօ Ար­մե­նիա»ն ­հիմ­նե­լու եւ Երկ­րի մէջ ծա­ւա­լած կեն­դա­նի պայ­քա­րին ի սպաս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին հա­յան­պաստ շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար։

Ար­դէն իր ու­ղին գտած եւ գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը մե­ծա­պէս ընդ­լայ­նած Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ դրո­ւե­ցան 1890ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն։ Յե­ղա­փո­խա­կան բուռն կռի­ւը զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի յա­րա­ճուն աղ­բիւր­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շեշ­տած էր, իսկ հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նը պատ­րո­ւակ գոր­ծա­ծե­լով, ընդ­հան­րա­պէս վար­կա­բե­կել կը փոր­ձէր հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ ձեռ­նար­կեց «­Փո­թո­րիկ»ին, որ հայ ու­նե­ւոր խա­ւը դրաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ, ի հար­կին ծան­րա­գոյն պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Ժամ­հա­րեա­նի օ­րի­նա­կով այն մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը, ո­րոնք ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը խնդրե­ցին՝ խու­սա­փե­լու հա­մար հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան նիւ­թա­պէս օ­ժան­դա­կե­լու պար­տադ­րան­քէն։

Վ­րայ հա­սան պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծակ­շիռ զար­գա­ցում­ներ. հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման ցա­րա­կան հրա­մա­նա­գիրն ու ա­նոր դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը. ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թիւնն ու հա­մի­տեան նոր ջար­դե­րը։ Ք­րիս­տա­փոր իր տա­րեր­քին մէջ էր՝ բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ յե­ղա­փո­խա­կան կռո­ւի վճռա­կա­նու­թեան թափ տա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լով, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ի նպաստ հա­յու­թեան ազ­դու շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լով։

Ա­հա այդ մթնո­լոր­տին մէջ, Ք­րիս­տա­փոր 1904ի Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուց ­Կար­միր ­Սուլ­թա­նը ա­հա­բե­կե­լու ծրա­գի­րը, ստա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Կամ­քը ներ­կա­յաց­նող ժո­ղո­վին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ ան­ձամբ լծո­ւե­ցաւ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ու­րիշ եւ դառ­նա­գոյն վախ­ճան վե­րա­պա­հած էր ­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան անկրկ­նե­լի ռահ­վի­րա­յին։ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, Պուլ­կա­րիոյ մէջ, Վ­ռամ­շա­պուհ ­Քեն­տի­րեա­նի հետ ռում­բի փոր­ձարկ­ման պա­հուն, ­Մեծ Յե­ղա­փո­խա­կա­նը իր ըն­կե­րոջ հետ զոհ գնաց ռում­բի ա­պա­ժամ պայ­թու­մին…

Հա­զիւ 46 տա­րե­կա­նին կտրո­ւե­ցաւ կեան­քին թե­լը Ք­րիս­տա­փո­րի։

Իր նա­հա­տա­կու­թեամբ եւս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դի­րը պատ­մա­կան օ­րի­նակ մարմ­նա­ւո­րեց։ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ղե­կա­վա­րը սե­փա­կան օ­րի­նա­կը տո­ւաւ յա­նուն գա­ղա­փա­րի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան։
Եւ որ­քան տա­րի­նե­րը կ­՛անց­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մօտ ա­ւե­լիով կ­’ար­մա­տա­ւո­րո­ւի հմայքն ու խոր­հուր­դը Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան ա­նուն ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կա­նին, որ 158 տա­րի ա­ռաջ իր աչ­քե­րը բա­ցաւ հա­յոց բազ­մա­չար­չար հայ­րե­նի­քին մէջ, որ­պէս­զի իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, եր­կա­թեայ կամ­քով եւ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ վերջ­նա­կա­նա­պէս փշրէ դա­րա­ւոր ստրկու­թեան շղթա­նե­րը եւ կեր­տէ Հա­յու ար­դի կեր­պա­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան հա­մար յա­րա­տեւ կռո­ւի պատ­րաստ անն­կուն ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը։

 

Նախորդը

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի 5-րդ Մրցում. Նախարար Աւետիս Կիտանեան Կատարեց Մրցանակաբաշխութիւնը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (19 Հոկտեմբեր 1967)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.