Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Շռնդալից Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2017-2018 Տարեշրջանը

October 18, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Պէյրութը:

Թէեւ ՀՄԸՄ առաջին երկու քորթըրներուն չկրցաւ իրմէ ակնկալուածը տալ, սակայն Բ. կիսախաղին խումբը կրցաւ գտնել իր լաւ խաղարկութիւնը եւ շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրել` 89-68 արդիւնքով (19-20, 20-22, 21-12 եւ 29-14):

Պէտք է նշել, որ մրցումին անկիւնադարձային պահը եղաւ չորրորդ քորթըրին առաջին 5 վայրկեանը, երբ ՀՄԸՄ նշանակեց 20 կէտ, մինչ Պէյրութ` 4:

PROFOTO

Բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալով` Սամուէլ Եանկ նշանակեց 23 կէտ եւ 8 ռիպաունտ, մինչ Ուոլթըր Հոճ` 17 կէտ եւ 8 էսիսթ: Քարիմ Զէյնուն նշանակեց 15 կէտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 12, Հայկ Կէօքճեան` 11, մինչ Իսմայիլ Ահմետ կատարեց 8 էսիսթ:

Պէյրութէն Քրիս Քրոֆորտ նշանակեց 17 կէտ, մինչ Պասել Պաուժի դարձաւ տապըլ-տապըլի հեղինակ (11 կէտ, 10 ռիպաունտ):

Հիւր կազմէն Քրիս Քրոֆորտ եւ Վիթաութաս Սուլսքիս ֆաուլ-աութով դուրս ելան:

Պէտք է նշել, որ Պէյրութ կատարեց բաւական շատ ֆաուլ (22), մինչ ՀՄԸՄ` ճիշդ կէսը (11):

ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակին բնականաբար մասնակից եղան խումբին համակիրները, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը:

Երէկուան երկրորդ մրցումին, Շանվիլ իր դաշտին վրայ դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3 կէտի տարբերութեամբ միայն` 71-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լուէյզին:

Նախորդը

Ուու Շու-Աշխարհի 14-րդ Ախոյեանութիւն. Աւետիս Սերոբեան Իբրեւ Միջազգային Իրաւարար Մեկնեցաւ Քազան

Յաջորդը

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի 5-րդ Մրցում. Նախարար Աւետիս Կիտանեան Կատարեց Մրցանակաբաշխութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.