27 սեպտեմբերին Ուու շուի աշխարհի ախոյեան, փորձառու մարզիչ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան, մեկնեցաւ Քազան (Ռուսիա)` աշխարհի Ուու շուի 14-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն իրաւարարի դերը ստանձնելու համար:
Բնականաբար, միջազգային իրաւարարի պաշտօնը ստանձնելը այդքան ալ դիւրին չէ, ուր մնաց աշխարհի ախոյեանութեան իրաւարար դառնալը, որուն համար կ՛ընտրուին աշխարհի ամբողջ տարածքէն շատ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած իրաւարարներ:
Անհրաժեշտ է նշել, որ Սերոբեանի հսկողութեան տակ մարզուող լիբանանցի եւ լիբանանահայ մարզիկները մեծ յոյս կը ներշնչեն ապագայի հաշուոյն եւ փափաքելի ու նախանձելի պիտի ըլլայ Աւետիս Սերոբեանի նման այլ լիբանանահայեր ալ ունենալ Ուու շուի եւ այլ տեսակի մարզաձեւերուն մէջ:


