Նախորդ շաբաթավերջին աւարտած թենիսի Թիանժինի բաց մրցաշարքի աւարտական ճակատումը վերջ գտաւ ռուս Մարիա Շարափովայի յաղթանակով: Ան 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Արինա Սապալենքայի (Պիելոռուսիա):
Անոր այս յաղթանակը նկատուեցաւ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան կախակայուելէ 2 տարի ետք տիրացաւ իր առաջին «ՏԱՊԸԼԻՈՒ.Թի. Էյ.»-ի տիտղոսին` Չինաստանի մէջ:
Բնականաբար, 19 տարեկան Արինա չյաջողեցաւ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրել իրմէ աւելի փորձառու 30 տարեկան Շարափովայի դիմաց:
Տղոց Շանկհայի «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ 2-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ աւարտականին 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ:
19 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած 36 տարեկան զուիցերիացին, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 94-րդ անգամն ըլլալով կը դառնայ տիտղոսակիր, այժմ կը պայքարի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը խլելու Նատալէն:


