Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքեան Ուժերը Իրենց Հակակշիռին Տակ Կ՛առնեն Քերքուքը

October 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան ուժեր երէկ կարեւոր նուաճում մը արձանագրեցին` վերստին Իրաքի դրօշը ծածանելով  վերջերս Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին մասնակցած Քերքուքի շրջանին նահանգապետի կեդրոնին վրայ:

Իրաքեան դէպքերու հոլովոյթին մէջ իրաքեան բանակի այս քայլը քիւրտ փեշմերկաներու դէմ առանցքային տեղ գրաւեց շրջանային թէ միջազգային լրատուական աղբիւրներու եւ ղեկավար մարմիններու  հաղորդակցութեանց ընթացքին:

Իրաքի բարձրաստիճան պատասխանատու մը կոչ ուղղեց քիւրտերուն վերադառնալու Քերքուքի իրենց բնակավայրերը` խոստանալով ապահովական ամէն միջոցառում երաշխաւորել անոնց: Նշենք, որ հարիւրաւոր քիւրտ ընտանիքներ երէկ հեռացան Քերքուքի շրջանէն` իրաքեան ուժերու յառաջացման զուգահեռ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի համաձայն, իրաքեան ուժեր Քերքուքը «գրաւած» են առանց կռիւի կամ ընդդիմութեան:

Այս առիթով իրաքեան ուժերու կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը երկուշաբթի օր հաստատեց, որ անոնք գրաւած են «Քի.Ուան» խարիսխը, Քերքուքի ելեկտրածին կայանը, Պէյ Հասան, Պապա Կիւրկիւր եւ այլ նաւթային կարեւոր կեդրոններ: Աւելի ուշ, իրաքեան ուժեր իրենց հակակշիռին տակ առած են Քերքուքի օդակայանը, կազային թէ նաւթային կարեւոր կեդրոններ եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հրահանգով իրաքեան դրօշը ծածանած Քերքուքի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Քերքուքի իրավիճակը լայն արձագանգ գտաւ նաեւ ղեկավարներու խորհրդակցութեանց ընթացքին: Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը շնորհաւորած է Իրաքի նախագահը:

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, քիւրտ փեշմերկաներու ղեկավարներ խուսափած են նաւթային շրջաններուն մէջ բախումներէ եւ համաձայնած են նաւթային ու կազային կեդրոնները յանձնել իրաքեան ուժերուն:

Նախորդը

Աւելի Քան 15 Տարիներէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Իսրայէլ Կը Ծրագրէ Բնակեցման Նոր Վայրեր Կառուցել

Յաջորդը

Արիշի Մէջ Դրամատուն Մը Եւ Եկեղեցի Մը` Յարձակման Թիրախ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.