Պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններու բնակչութեան հարցերը կարգաւորող իսրայէլեան քաղաքային խորհուրդի շինարարական յանձնախումբը երէկ սկզբունքային հաւանութիւն տուաւ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու 31 միաւորներու կառուցման գծով` պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններու Այսրդորդանանի Հեպրոն քաղաքին մէջ:
«Պի.Պի.Սի.»-ի Երուսաղէմի թղթակիցը, որ կը հաղորդէ լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ կը նախատեսուի, որ 1967-ի պատերազմին ընթացքին պաղեստինեան գրաւուած տարածքները կառավարող Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագրաւորումի յանձնախումբը, իր կարգին համաձայն գտնուի այս որոշումին:
Նման որոշում մը, վաւերացման պարագային, նախընթաց պիտի կազմէ շրջանի նորագոյն պատմութեան մէջ: Արդարեւ, 15 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլ պիտի ձեռնարկէ բնակեցման վայրերու կառուցման` պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններուն մէջ:
Հեպրոնի մէջ կը բնակին աւելի քան 200 հազար պաղեստինցիներ եւ 800 իսրայէլացիներ: Վերջինները կը վայելեն իսրայէլեան պաշտպանութեան ուժերու մնայուն հսկողութիւնը:


