Անծանօթ մը երէկ դաշոյնի հարուածներով երեք հոգի վիրաւորած է Լոնտոնի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող մեթրոյի մը կայանին մէջ: Բրիտանական ապահովութեան ուժեր փութացած են դէպքին վայրը:
Ըստ բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» թերթին, վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց: Պատկան աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն, որ դէպքը ահաբեկչական բնոյթ ունենայ:


