Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Հայերու 4-րդ Համագումարը Տեղի Կ՛ունենայ 18 Եւ 19 Հոկտեմբերին

October 17, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ» Կը Մասնակցի Համագումարին

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ 18 եւ 19 հոկտեմբեր 2017-ին պիտի գումարուի Եւրոպայի հայութեան 4-րդ համագումարը:

Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ ու գիտնականներ եւ հոգեւորականներ պիտի մէկտեղէ` զրուցելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու հայ ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումներուն շուրջ:

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութենէն բարձրագոյն ներկայացուցիչ մը, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Եւրոպական Միութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբերու նախագահներ եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ:

Համագումարի առաջին օրը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Պրիւքսելի Հայ տան մէջ, հայերէնը ունենալով իբրեւ աշխատանքային լեզու:

Օրուան երեք կլոր սեղաններուն ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ ընդհանուր նիւթերը`

Կլոր Սեղան 1 – Ցեղասպանութեան Ճանաչում

Եւ Մեր Հետապնդումները Եւրոպայի Մէջ

Բանախօսներ` Միհրան Տապպաղ (Bochum RUHR համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ սփիւռքի հետազօտութիւններու հիմնարկի  ղեկավար) եւ Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական դատարանի փորձագէտ): Զրուցավար` Գէորգ Յակոբճեան (Armenian Legal Center for Justice and Human Rights կեդրոնի տնօրէններու խորհուրդի անդամ, Վիեննայի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի բարձրագոյն ուսման հետեւող):

Կլոր Սեղան 2 – Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման
Իրաւունքին Հետապնդումը Եւրոպայի Մէջ

Բանախօսներ` Յովհաննէս Գրիգորեան (European Friends of Armenia գործադիր տնօրէն), Մուրատ Փափազեան (MediaSchool Group ընկերութեան տնօրէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ), Սամուէլ Մարտիրոսեան (տեղեկատուական անվտանգութեան եւ մետիա փորձագէտ): Զրուցավար` Հեղինէ Էվինեան (Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի եւրոպական ծրագիրներու համակարգող):

Կլոր Սեղան 3 – Հայապահպանում`
Գոյատեւման Հիմնական Ազդակ

Բանախօսներ` Մհեր Գարագաշեան (Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու), Կարապետ Տաքէսեան (Կիպրոսի Մելգոնեան եւ Փարիզի «Հրանդ Տինք» վարժարաններու հայոց լեզուի դասաւանդութեան պատասխանատու, մանկավարժ), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն): Զրուցավար` դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան (Համազգային մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ):

Երկրորդ օրուան աշխատանքային լեզուները պիտի ըլլան անգլերէն եւ ֆրանսերէն, անոր մանրամասնութիւնները պիտի տրուին «Ազդակ»-ի 20 հոկտեմբերի թիւով:

Նշենք, որ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան կը մասնակցի համագումարին: Համագումարի մանրամասն տեղեկութիւնները պիտի հաղորդուին օրը-օրին:

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու Տօնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.