Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու Տօնը

October 17, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանը երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիասրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր Հիմնադիրներու տօնը` ներկայութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, դասախօսական կազմին, պաշտօնէութեան, ուսանողներու հոծ բազմութեան եւ հիւրերու: Հանդիսաւորապէս բեմ բարձրացան Հայկազեան համալսարանի նախագահը, արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքներու ղեկավարները: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի քայլերգին յոտնկայս ունկնդութեամբ, ապա համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանէի աղօթքով:

Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ հիմնադիրներուն իսկական բարեգործութիւնը իրենց անձերէն աւելի խորքային արժէքներու սերմերը ցանելն էր: Անոնք իրենց լումաները դրած են լայն ու խոր առաքինութիւններ բաժնեկցելու ծրագիրին մէջ: Ան հաստատեց, որ առետրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան ծրագիրի յաջողութիւնը 1960-ականներէն ի վեր պատահական դիպուածով չէ, այլ հաւատքն է, որ լաւ արժէքները կը կոփեն կրթական ճանապարհը եւ կեանքի ասպարէզը:

Վեր. Հայտոսթեան նաեւ յայտնեց. «Կը հաւատամ, որ յաջողութեան մէկ բաժինը այն կենդանի խիղճն է, որով դասախօսները ուսուցանեցին, ինչպէս նաեւ ուսանողութեան խանդն է, որով իրենք զիրենք պատրաստեցին: Այսօր, մինչ կը կեդրոնանանք առետրական վարչագիտութեան ու տնտեսագիտութեան ծրագիրին վրայ եւ կը նշենք մեր արժանիքները, կոչ կ՛ուղղենք գիտակցելու, որ այս ճիւղի ուսուցումը մարդկային իսկական արժէքներ պատրաստեց, երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք մեր ուսանողներուն շնորհները ճանչցան»:

Ան աւարտեց խօսքը նշելով. «Այսօր պատուենք հիմնադիրներու առաքինութիւնը, պատուենք օրինակելի յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, պատուենք հարուստ ժառանգութիւնը Լիբանանի մշակոյթին, պատուենք մենք զմեզ` կեդրոնանալով արժէքին վրայ եւ տքնաջան աշխատանքով մշակելու մեր բարի հոգիները ամէն բանէ առաջ»:

Ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօս, նախկին նախարար Ռայա Հաֆֆար Հասան: Ան ըսաւ, թէ` «կը հաւատամ, որ հիմնադիրները հպարտ պիտի զգան, որ իրենց ցանած սերմերը տարիներ ետք ամբողջութեամբ պտղաբերած են եւ արմատացած իբրեւ լաւագոյն կրթութեան կեդրոնը Լիբանանի մէջ»: Ան յայտնեց նաեւ, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, հիացմունքի արժանի է, որ Հայկազեան համալսարանը պահպանած է իր հեղինակութիւնը իբրեւ կրթութեան բացառիկ կեդրոն եւ կարողութիւն ունի բարգաւաճելու ու դառնալու Լիբանանի առաջնակարգ համալսարաններէն մէկը: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ հայ հասարակութիւնը միշտ իր դրական դերակատարութիւնը ունեցած է: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Համալսարանը վկայութիւն մըն է տեսլականի եւ տքնաջան աշխատանքի այս հարազատ հասարակութեան մէջ»:

Ելոյթ ունեցան Հայկազեան համալսարանի երաժշտութեան ակումբի անդամներէն Արի Վարդանեան, Յովիկ Աշըգեան, Նարէ Աշքարեան եւ Յակոբ Փամպուքեան, որոնք նուագեցին «Դէ՛, երգիր Արաքս» երգը:

Ապա իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` պարգեւատրուեցան «Պիպլոս», «Աուտէ», «Պանք աֆ Պէյրութ», Լիբանանի Կեդրոնական, «Քրետիթ պանք», «Քրետի Լիպանէ» եւ «Պլոմ» դրամատուները, որոնք Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներուն վրայ ներդրում կատարած են:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Հայկազեան համալսարանի քայլերգով, որմէ ետք հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ շնորհաւորանքներու փոխանակում:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Հայերու 4-րդ Համագումարը Տեղի Կ՛ունենայ 18 Եւ 19 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.