Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը երկրի հիւսիսային մասն է, որ կ՛ընդգրկէ Էրպիլ, Սուլէյմանիէ եւ Տհոք քաղաքները` ըստ Իրաքի պետութեան, սակայն քիւրտերը Քերքուքը եւ այլ վիճելի տարածքներ եւս անոր սահմաններուն մէջ կ՛առնեն: Մեծն Քիւրտիստանի միւս մասերը կը գտնուին Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ: Քիւրտերուն ընդհանուր թիւը 30 միլիոնէն աւելի կը գնահատուի, բայց անոնք երբեք անկախ պետութիւն չեն ունեցած: Քրտերէնը մէկէ աւելի բարբառներ ունի, քիւրտերուն մեծամասնութիւնը սիւննի իսլամ է, կան ալեւի քիւրտեր Թուրքիոյ մէջ եւ ֆէյլի-շիի քիւրտեր` Իրաքի մէջ. նաեւ կան քրիստոնեայ, հրեայ, պահայի եւ քաաքայի քիւրտեր. եզիտիներն ալ ազգութեամբ քիւրտ են: Քիւրտերը Իրաքի 38 միլիոն բնակչութեան 15-20 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:
1919 թուականին եւ անկէ ետք շէյխ Մահմուտ Հաֆիտ ապստամբութիւններ կազմակերպեց Սուլէյմանիէի մէջ, սակայն անգլիացիները վերջ դրին անոր ապստամբութիւններուն: 1930-ական թուականներուն մոլլա Մուսթաֆա Պարզանի ապստամբեցաւ կառավարութեան դէմ եւ աքսորուեցաւ, բայց 1942-ին փախուստ տուաւ Իրան, ուր 1945-ին իրանահպատակ քիւրտ ղեկավար Քատի Մոհամետի հետ, Իրանի հիւսիսային շրջանին մէջ, խորհրդայիններուն աջակցութեամբ հիմնեց քրտական «Մահապատ Հանրապետութիւն»-ը, որ սակայն երկար կեանք մը չունեցաւ: Քատի Մոհամետ կախաղան բարձրացուեցաւ, իսկ Պարզանի ապաստանեցաւ Ռուսիա, ուր 1946-ին հիմնեց Քրտական դեմոկրատական կուսակցութիւնը:
1958-ին, Իրաքի թագաւորութեան տապալումէն ետք, զօրավար Ապտուլ Քերիմ Քասեմ ներում շնորհեց Պարզանիին, եւ վերջինս Իրաք վերադարձաւ. սակայն այդ «մեղրալուսինը» շատ երկար չտեւեց… Իրաքի կառավարութիւնը մերժեց Պարզանիի ինքնավարութեան ծրագիրը. ուստի, 1961-ին ան զինուած պայքար յայտարարեց պետութեան դէմ:
1963-ին «Պաաս» կուսակցութեան յեղաշրջումը հաշտութեան նոր յոյսեր ներշնչեց, սակայն արաբ ազգայնամոլ նախագահ Ապտուլսալամ Արիֆը, որ «Պաաս»-ը դուրս մղեց եւ Իրաքի ղեկավարութիւնը ստանձնեց, համաձայնութեան մը չկրցաւ յանգիլ քիւրտերուն հետ, եւ քիւրտերուն պայքարը շարունակուեցաւ: Ապտուլսալամէն ետք իր եղբայրը` Ապտուլռահման Արիֆ եւս հաշտութեան փորձեր ըրաւ, բայց` ի զուր:
1969-ին, «Պաաս» կուսակցութեան 2-րդ յեղաշրջումէն ետք, նոր կառավարութիւնը քիւրտերուն առաջարկեց դադրեցնել զինեալ պայքարը եւ անոնց տալ ինքնավար մարզի կարգավիճակ: Այդպիսով, 11 մարտ 1970-ին կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ` Իրաքի քիւրտերը ինքնավար մարզ ունեցան:
Սոյն համաձայնութիւնը ունէր 3 տարուան պայմանաժամ, որմէ ետք անիկա պիտի վերաքննուէր: Քերքուք դուրս մնացած էր այդ համաձայնութենէն, եւ պարզ էր, որ երկու կողմերն ալ խաղաղութեան շրջանի մը կարիքը ունէին իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար: 1974-ին այդ համաձայնութիւնը խախտեցաւ. արդարեւ, Քերքուքի պատկանելիութեան եւ այլ անլոյծ մնացած լուրջ հարցեր կային. ուստի, զինեալ պայքարը վերսկսաւ: Այդ ժամանակ քիւրտերու շարքերուն մէջ եւս անհամաձայնութիւն եղաւ, ինչ որ պառակտումի առաջնորդեց, եւ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճալալ Թալապանին հիմնեց Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւնը:
1975-ին, Ալճերիոյ մէջ, Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյն Իրանի շահին հետ համաձայնութիւն մը ստորագրեց` Շաթ էլ Արապ կոչուած սահմանագետին վերաբերեալ, ուր «Thalweg» գիծը, որ գետը երկու մասի կը բաժնէր, իբրեւ սահման ընդունուեցաւ: Այս համաձայնութեամբ, Սատտամ Շաթ էլ Արապի կէսը շահին զիջեցաւ, իսկ անոր դիմաց շահը դադրեցուց իր աջակցութիւնը քիւրտերուն, որոնց պայքարը ժամանակաւորապէս վերջ գտաւ. սակայն 1978-ին, Խոմէյնիի օրով, քիւրտերը վերսկսան իրենց գործողութիւններուն: Այդ ժամանակ Իրաքի թշնամիները կ՛աջակցէին քիւրտերուն:
1980-ին, Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին, քիւրտերը Իրանին նեցուկ կանգնեցան. բան մը, որ Իրաքի կառավարութեան շատ մեծ զայրոյթ պատճառեց եւ հետեւանքը եղաւ «Անֆալ» գործողութեան իրականացումը, երբ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահան եղան, իսկ Հալապչէ գիւղաքաղաքը քիմիական զէնքերով յարձակումի ենթարկուեցաւ:
1990 թուականէն ետք քիւրտերը ամերիկեան եւ դաշնակից ուժերու պաշտպանութիւնը վայելեցին, սակայն շրջանը զարգացնելու փոխարէն` երկու մասի բաժնուեցաւ. Էրպիլը` Մասուտ Պարզանիի ղեկավարութեամբ, իսկ Սուլէյմանիէն` Ճալալ Թալապանիի. եւ այսպէս, 1994-ին ծագեցաւ խռովութիւն մը, որուն պատճառով քիւրտերը չորս տարի իրարու դէմ կռուեցան` եղբայրասպանութիւն կատարելով:
2003-ին ամերիկեան ուժերը Իրաք ներխուժեցին, Սատտամը տապալեցին եւ երկիրը գրաւեցին, ապա նշանակեցին իշխող խորհուրդ մը, որ ամերիկացիներուն կողմէ թելադրուած սահմանադրութիւն մը որդեգրեց: Երկիրը ունեցաւ նոր կառավարութիւն մը, ուր քիւրտերը, իրենց նախարարներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն կողքին, երկրի նախագահի պաշտօնն ալ ստանձնեցին: Աւելի՛ն. 2005-ին Իրաքի քրտաբնակ շրջանը ինքնավար մարզ յայտարարուեցաւ` իր մէջ ընդգրկելով Էրպիլը, Սուլէյմանիէն եւ Տհոքը. իրողութիւն մը, որ արդէն իսկ ձեռք բերուած էր, սակայն այս անգամ յստակ կերպով օրինականացաւ: Նոյն ժամանակ որոշուեցաւ, որ վիճելի տարածքներուն մէջ` Քերքուք, Խանաքին, Տիալա, Մուսուլի դաշտային մաս եւ Սինճար, վիճակագրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ` հաստատելու համար այդ շրջաններուն պատկանելութիւնը` Պաղտատի կառավարութեա՞ն, թէ՞ քրտական ինքնավար մարզին: Այս քայլը սակայն միշտ յետաձգուեցաւ… քիւրտերը աշխատեցան իրենց թիւը բարձրացնել Քերքուքի մէջ` ինքնավար մարզի նորածինները հո՛ն արձանագրելով. արդարեւ, տարիներ առաջ Սատտամ Հիւսէյն նո՛յնը ըրած էր, երբ տարբեր քաղաքներէ արաբներ բնակեցուցած էր Քերքուք` տեղի արաբ բնակչութեան թիւը բարձրացնելու համար:
Ներկայիս քրտական ինքնավար մարզի ամբողջ տարածքին քիւրտերու կողքին կ՛ապրին նաեւ` թիւրքմեններ, արաբներ, եզիտիներ, շապաքներ եւ քրիստոնեաներ, որոնց մէկ մասը հայեր են: Ինքնավար մարզի նախագահը Մասուտ Պարզանին է, որուն նախագահութեան երկրորդ շրջանը վաղուց աւարտած է արդէն: Փեշմերկան ներկայիս ինքնավար մարզի օրինաւոր բանակն է: Ինքնավար մարզը Իրաքի եկամուտէն կը ստանայ 17 տոկոս, ինչպէս նաեւ` Փեշմերկայի ամսականները. բացի ասկէ, ինքնավար մարզը եկամուտ կ՛ապահովէ իր վաճառած քարիւղէն եւ գանձած տուրքերէն:
Թուրքիա երկար տարիներէ ի վեր սերտ յարաբերութիւններ ունէր քրտական ինքնավար մարզին հետ: Պարզանին Էրտողանի ամենամօտ եւ հաւատարիմ դաշնակիցն էր շրջանին մէջ: Թուրքիա միլիառներով առեւտուր կ՛իրականացնէր քիւրտերուն հետ եւ ի՛նքն էր, որ քաջալերեց Պարզանին` անջատողական քայլեր առնելու եւ ինքնավար մարզի քարիւղը, հակառակ Իրաքի պետութեան կամքին, անօրինական ճամբով վաճառելու: Թուրքիա հզօր Քիւրտիստան մը կ՛ուզէր Պաղտատի դէմ, սակայն` ի՛ր խնամքին տակ… Բայց այդպէս չեղա՛ւ: Ներկայիս Թուրքիա մտավախութիւն ունի, որ իր սահմանին վրայ անկախ Քիւրտիստան մը կրնայ խթանել իր քիւրտերը` նո՛յնը ընելու:
Միացեալ Նահանգներ Իրաքի քիւրտերէն պահանջեցին անկախութեան հանրաքուէն յետաձգել, այլ ոչ թէ` ջնջել, եւ թուրքերը կը կասկածին, թէ Ամերիկան Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն համար կը պատրաստէ ծրագիր մը, որուն կայծերը Թուրքիոյ քիւրտերուն պիտի հասնին: Ռուսերուն դիրքը եւս յստակ չէ. անոնք կը բաւարարուին խրատելով: Իսկ թիւրքմենները ոտնակոխ պիտի ըլլան Իրաքի մէջ: Կասկած կայ նաեւ, որ մէկէ աւելի արաբական երկիրներ համամիտ են քիւրտերու անկախութեան, այն յոյսով, որ ատիկա պիտի ազդէ Թուրքիոյ քիւրտերուն վրայ. այս երկիրները, բնականաբար, Թուրքիոյ քայքայումը կը ցանկան:
Քիւրտիստան ամէն օր 555.000 տակառ քարիւղ կ՛արտածէ Թուրքիոյ ճամբով, եւ եթէ Թուրքիա փակէ այդ ճամբան, ապա ինքնավար մարզը անտարակոյս պիտի սնանկանայ, սակայն, միաժամանակ, թուրքե՛րն ալ մեծ վնասներ պիտի կրեն: Արդարեւ, ռուսական հսկայ «Rosneft» ընկերութիւնը վերջերս ստորագրեց բազմամիլիառ տոլարանոց պայմանագիր մը, որուն համաձայն, ինքնավար մարզի քարիւղը եւ կազը պիտի անցնին Թուրքիոյ ճամբով, եւ անշուշտ, այս բոլորի ծիրին մէջ, Թուրքիա եւս իր տնտեսական շահերը պէտք է ապահովէ:
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, ապա ան եւս դէմ է ինքնավար մարզի անջատման. չէ՞ որ ինք Իրաքի շիի կառավարութեան հովանաւորն է… Թէեւ քիւրտերը իր երկրին վտանգ չեն ներկայացներ, սակայն վախը ա՛յն է, որ Իսրայէլ կարենայ հոն թափանցել եւ մօտէն ազդել իր վրայ. հետեւաբար անկախ Քիւրտիստան մը արգելք պիտի ըլլայ դէպի Իրաք եւ Սուրիա Իրանի հարթած ճամբուն վրայ: Միաժամանակ, սակայն, անկախ Քիւրտիստան մը ապահով ապաստան կրնայ ըլլալ Իրանի անջատողական քիւրտերուն համար, որոնք կրնան հոն տեղափոխուիլ, եւ այդպիսով, Իրան անոնցմէ կ՛ազատի:
Իսրայէլ միակ երկիրն է, որ յայտնած է իր դրական դիրքորոշումը եւ նեցուկ կանգնած է քիւրտերուն: Ըստ քիւրտ վեթերան քաղաքագէտ եւ բժիշկ Մահմուտ Օսմանի, ինք եւ Մուսթաֆա Պարզանին 1968-ին եւ 1973-ին միասին այցելած են Իսրայէլ եւ զէնք ստացած են անկէ. ան կ՛աւելցնէ, որ Մասուտ Պարզանին գոնէ երեք անգամ այցելած է Իսրայէլ, իսկ անոր որդին` Մասրուրը, տեւական կ՛այցելէ Իսրայէլ: Արդարեւ, Իսրայէլ յաճախ եւ ամէն ձեւով օգնած է քիւրտերուն. անոնց միջեւ սերտ բարեկամութիւն կայ յայտնի պատճառներով:
Քիւրտերը անտարակոյս ունին իրենց տուեալները, եւ յենելով ու վստահելով արտաքին ուժերու խոստումներուն` դիմեցին այս քայլին, թէեւ ուրիշներ այս քայլը քիւրտերուն կողմէ ինքնասպանութիւն կը համարեն: Քրտական ինքնավար մարզը կը յուսայ, որ Իրանն ու Թուրքիան, որոնք իր մեծագոյն սպառնալի սահմանակիցներն են, պիտի հետապնդեն իրենց տնտեսական ու այլ շահերը եւ վերջապէս պիտի ընդունին նոր կացութիւնը ու քուլիսներու ետին հարցը լուծեն գերտէրութիւններու հետ:
Ուստի, Իրաք մեծագոյն վնաս կրողը պիտի ըլլայ` բոլո՛ր պարագաներուն: Եթէ քիւրտերը այս քայլը սառեցնեն կամ նոյնիսկ չեղեալ համարեն, ինչ որ անհաւանական է, ապա անոր դիմաց տակաւին ինչե՜ր պիտի պահանջեն, իսկ եթէ շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի անկախութիւն, նախ թիրախ պիտի դառնան տնտեսական շրջափակումի, ապա նաեւ` ռազմական գործողութիւններու:
Թէ թուրքերն ու պարսիկները որքանո՛վ լուրջ են իրենց սպառնալիք-յայտարարութիւններուն մէջ, այդ պիտի իմանանք ապագային: Իսկ Իրաքի փտած կառավարութիւնը, որ ո՛չ ներսէն, ո՛չ ալ դուրսէն ամուր է ու կը գտնուի օտար երկիրներու ազդեցութեան տակ, կարող չէ՛ շատ բան որոշելու կամ գործելու… Վերջնական որոշումը ուրիշներո՛ւնը պիտի ըլլայ:
Լոս Անճելըս
Քալիֆորնիա



