Աշխարհի եւ Եւրոպայի Քարաթէի ախոյեան, ամերիկաբնակ 30 տարեկան Կամօ Ունանեան 14 հոկտեմբերին Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Քարաթէի կրան փրիի մրցաշարքին արժանացաւ ախոյեանի կոչումին` 75 քկ դասակարգին մէջ կատարելէ ետք 8 մենամարտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ան ըսաւ, որ հակառակ անհանգիստ ըլլալուն, անկարելին կարելի դարձուց եւ հանդիսացաւ տիտղոսակիր:


