Իրանի իշխանութիւնները` իբրեւ պատասխան Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած վիճայարոյց անկախութեան հանրաքուէին, փակած են հիւսիսային Իրաքի հետ սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն:
«Հաշուի առնելով Իրաքի հիւսիսը տեղի ունեցող զարգացումները` Իրան փակած է Պաշմաղ սահմանային դարպասը Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ», յայտնած է իրանեան «Թասնիմ» կայքը:
Յիշեցնենք, որ 25 սեպտեմբերին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հարցով հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 93,29 առ հարիւրը «այո՛» քուէարկած էր անկախութեան: Հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 72,16 առ հարիւր:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի հանրաքուէն անուանած է հակասահմանադրական եւ յայտարարած, որ Իրաքը զայն չ՛ընդունիր: Իրաքի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած են, որ հանրաքուէին արդիւնքին վերաբերեալ բանակցութիւններ պիտի չկատարեն Քրտական մարզի կառավարութեան հետ: Հանրաքուէին կայացման դէմ արտայայտուած են այլ երկիրներու կողքին Թուրքիան, Իրանը, Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը:


