Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս Թրքական Ուժերուն Անմիջական Եւ Առանց Նախապայմանի Հեռացումը Կը Պահանջէ

October 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները Թուրքիայէն պահանջած են անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի իր ուժերը դուրս բերել սուրիական հողամասերէն:

«Սուրիա խստօրէն կը դատապարտէ թրքական ուժերուն Իտլիպ նահանգ մուտք գործելը` ընդգծելով, որ ատիկա ակնյայտ ոտնձգութիւն է Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտում»:

Աղբիւրը «Քորրեսփոնտենթ»-ին յայտնած է. «Թրքական տուեալ ներխուժումը ոչ մէկ կապ ունի երաշխաւոր պետութիւններու համաձայնութիւններուն հետ, որոնք ձեռք բերուած են Ասթանայի մէջ կատարուած բանակցութիւններուն հիմամբ»:

«Սուրիան թրքական ուժերուն սուրիական հողերէն անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի հեռացումը կը պահանջէ, եւ կը հաստատէ, որ այս ներթափանցումը յստակ ներխուժում մըն է, զոր թրքական վարչակարգը պիտի չկարենայ արդարացնել կամ բացատրել որեւէ ձեւով», աւելցուցած է ան:

Աղբիւրը նշած է, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն ընկերակցութեամբ կատարուած թրքական ներթափանցումը բացայայտած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ թրքական վարչակարգին միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապը, բան մը, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է լրջօրէն նկատի ունենայ եւ ահաբեկչութեան աջակցելուն համար պէտք է սանձէ Էրտողանը:

Նախորդը

Թուրքիա Դէմ Է ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ազգային Պատուիրակութիւններու Իրաւունքներու Սահմանափակման

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.