«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 4 զոհ եւ 5 վիրաւորներ արձանագրուած են, երբ ընդդիմադիր զինեալներ ռմբակոծած են հին Դամասկոսը:
Կայանը կը հաղորդէ նաեւ, որ ընդդիմադիր զինեալները նաեւ ռմբակոծած են Ժարամանայի Թապալէ ճամբան:
Դամասկոսի ոստիկանութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ 2 զոհ արձանագրուած է եւ 2 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ հրասանդէ արձակուած երկու ռումբեր ինկած են հին Դամասկոսի վրայ` նշելով, որ առաջին ռումբը ինկած է Պապ Շարքի թաղամասին մէջ գտնուող «Իհսան» մարդասիրական միութեան շէնքին վրայ:
Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ հրասանդէ արձակուած ռումբեր ինկած են Դամասկոսի Ապպասիյին հրապարակին վրայ:
Դամասկոսի ոստիկանութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Ղութա Շարքիա գտնուող զինեալ խմբաւորումները շաբաթ կէսօրէ ետք հրասանդէ արձակուած երկու ռումբերով հարուածած են Ապպասիյին հրապարակն ու անոր շրջապատը, ինչ որ պատճառած է չորս վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ:
Աղբիւրը նշեց, որ ատիկա Ղութա Շարքիայի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի համաձայնութեան նորագոյն խախտումն է:


