ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աննշան պատճառով մը կը ջղայնանաք: Փոխանակ ուրիշները մեղադրելու` դուք ձեզի հարց տուէք եւ պիտի անդրադառնաք, որ եղածը շատ պարզ բան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շրջապատի անձերը ո՛չ գնահատեցէք եւ ո՛չ ալ թերագնահատեցէք. զանոնք ընդունեցէք այնպէս, ինչպէս որ են: Ամէն մարդ իր նկարագիրը ունի, եւ մենք չենք կրնար փոխել զանոնք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան յարկին տակ կարգ մը ծրագիրներ ունիք կիրարկելիք: Դուք լաւ ուսումնասիրութեամբ պիտի կարենաք լաւագոյնը տնօրինել, եւ այսպիսով, ամէնքը գոհ պիտի մնան արդիւնքէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետաքրքիր էք եւ կ՛ուզէք շատ բաներ սորվիլ: Ձեր այս նկարագիրը ձեզ յառաջդիմութեան պիտի առանջնորդէ եւ, ինչո՞ւ ոչ, նոյնիսկ ձեր ապագան պիտի փայլեցնէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հաշուապահութեան մէջ տկար ըլլալու էք, քանի որ ձեր եկամուտը չէք կրնար հաւասարակշռել. քանի ուշ չէ, վերջ տուէք ձեր մսխումներուն, որպէսզի հետագային դժուարութիւններու չմատնուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքէն ներս դուք ձեզ մի՛ պարտադրէք. իւրաքանչիւր անձ իր տեսակէտը ունի եւ չի կրնար ձեզի պէս մտածել: Այս ձեւով ամէն անձ իր ձեւովը կ՛ապրի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ամէն բանի մէջ հակասական էք եւ միշտ ջղային վիճակ մը ունիք. կեանքը աւելի պարզ առէք եւ ձեր կեանքը ապրեցէք ուրախութեամբ: Ո՛չ ոք ձեզ կը խանգարէ, դուք աւելի լաւատես պէտք է ըլլաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի մօտիկ անձ մը նեղ կացութեան մատնուած է եւ ձեր օգնութեան պիտի դիմէ: Անշուշտ դուք պիտի չմերժէք եւ ձեռք պիտի երկարէք: Այսպիսով, շատ օգտակար պիտի ըլլաք այդ անձին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անգո՞րծ էք եւ դիմումնե՞ր կատարած էք: Բոլոր պատասխանները ժխտական են, սակայն մի՛ յուսահատիք: Աստղերը միշտ բարեացակամ են, եւ մօտ ատենէն ձեր մասնագիտութեան յարմար գործ մը պիտի գտնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գործի փոփոխութիւն մը կը նախատեսուի ձեզի համար, եւ այս գործը օտար երկրի մը մէջ պիտի ունենաք: Հաւանաբար ստիպուած ըլլաք ընտանիքով ճամբորդելու եւ այդ երկիրը հաստատուելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաւանաբար բարեկամ մը վիրաւորէ ձեզ, որմէ նման բան մը չէիք սպասեր: Պաղարիւնութեամբ դիմաւորեցէք հարցը եւ բացատրութիւն մը ուզեցէք: Կրնայ ըլլալ, որ այդ անձը առանց մտածելու վիրաւորած ըլլայ ձեզ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարգ մը անձեր ձեր մասին սխալ կարծիքներ կ՛ունենան եւ ձեզ կ՛անտեսեն: Նկատի մի՛ առնէք, սակայն զգուշացէք եւ հեռու մնացէք նման անձերէ:
