Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Նախագահներու Հանդիպումին Արդիւնքով Նախնական Պայմանաւորուածութեան Մը Ձեռք Բերումը Հաւանական Է»

October 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին արդիւնքը հաւանական է, որ ըլլայ  յայտարարութիւն կամ ձեռք բերուի նախնական պայմանաւորուածութիւն` ապագայ հանդիպումներու եւ բանակցային հոլովոյթը շարունակելու վերաբերեալ, բայց գործնական որեւէ քայլի առումով հեռանկար չեմ տեսներ», «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին  նման տեսակէտ յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: «Նման տեսակէտի կարելի է եզրայանգիլ` մանաւանդ նկատի առնելով ապրիլ 2016-էն ետք փակուղի մտած բանակցային հոլովոյթը, Ազրպէյճանի կողմէ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները չկատարելու, աւելի երկար ժամանակ երկու նախագահներու մակարդակով հանդիպումներու չկայանալու փաստերը, ինչպէս նաեւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի նախօրեակին երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ հնչած դիրքորոշումները: Ապրիլ 2016-էն ետք Ազրպէյճանը շատ լուրջ նախապատրաստուած է ո՛չ միայն ռազմական գործողութիւններու, այլ նաեւ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ սթաթիւս քոյի փոփոխութեան խնդիրը մէջտեղ բերելու եւ որոշակի փոփոխութիւն մտցնելու»,  ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:

Իշխանեան նշեց, որ Ազրպէյճանը միանշանակ տարբեր պատճառաբանութիւններով` Հայաստանի Հանրապետութեան հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելով, նաեւ միջազգային հանրութիւնը  մոլորութեան մէջ ձգելով, ամէն ինչ կ՛ընէ հետաքննութեան մեքանիզմները եւ այլ պայմանաւորուածութիւնները չկատարելու համար, եւ մենք միայն ականատես եղանք հայկական կողմէն միակողմանի այդ բոլորին կատարման:

Այն հարցումին ի պատասխան, թէ հանդիպումէն առաջ կամ ետք  սահմանին մէջ լարուածութեան բարձրացում եւ նոր վարքագիծի նոր դրսեւորումներ պիտի ըլլա՞ն Ազրպէյճանի կողմէ, Ազգային ժողովի  պատգամաւորը ընդգծած է, որ նախկինին որեւէ հանդիպումէ առաջ եւ ետք մենք ականատես կ՛ըլլայինք սահմանային դէպքերու եւ զինուորական գործողութիւններու կիրարկման` հետախուզական  խումբերու ներթափանցման փորձերու եւ կրակոցներու. «Բայց կարծես թէ ներթափանցման վերջին փորձերու ձախողութենէն ետք կը տեսնենք, որ Ազրպէյճանը այդ առումով եւս սպառած է եւ իր քայլերը կը շարունակէ միայն հեռահար եւ մեծ տրամաչափի զինատեսակներէ կրակոցներով` որոշակիօրէն իրավիճակ սրելով: Կը կարծեմ Ազրպէյճանը կրնայ աւելի լուրջ եւ այլ նախապատրաստական գործողութիւններ կատարել, բայց նախանշանները կարծես թէ չեն երեւիր»:

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Հանդիպումը Նախատեսուած Է 16 Հոկտեմբերին

Յաջորդը

Արթուր Աղաբեկեան Նշանակուած Է Նախագահ Բակօ Սահակեանի Խորհրդական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.