Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Իրանի Նկատմամբ Իր Նոր Ռազմավարութիւնը Յայտարարեց

October 14, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար հաստատել, որ Իրան յանձնառու է Վեցեակի հետ կնքուած համաձայնագիրին:

Ան Իրանի հետ համաձայնագիրը նկատեց «Ամերիկայի ստորագրած վատագոյն համաձայնագիրը»` աւելցնելով, որ Թեհրան «երկու անգամ չյարգեց հիւլէական համաձայնագիրը»:

Թրամփ յայտնեց, որ եթէ Քոնկրեսին ու դաշնակիցներուն հետ աշխատանքի ճամբով լուծումի հասնիլ կարելի չըլլայ, Ուաշինկթըն «պիտի հրաժարի հիւլէական համաձայնագիրէն»:

Ան յայտարարեց իր նոր ռազմավարութիւնը «Իրանի` կայունութիւնը քայքայող գործունէութեան դիմակայման, Իրանի կողմէ զէնքերու եւ հրթիռներու տարածման դէմ պայքարելու եւ Իրանի կողմէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը դադրեցնելու առումով»:

Ըստ Թրամփի, այս նոր ռազմավարութիւնը կը սկսի «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ձեռքը գտնուող ահաբեկչական գործիք» Յեղափոխական պահակագունդին դէմ խիստ պատժամիջոցներու հաստատումով, որովհետեւ, ըստ Թրամփի, անիկա «ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորեց, սուրիացի բռնատէրը զինեց, խմբաւորումներուն հրթիռներ տրամադրեց եւ Ուաշինկթընի մէջ պայթում մը ծրագրեց»:

Ան շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմը «պէտք է դաշնակիցներուն հետ աշխատի հիւլէական համաձայնագիրին մէջ կարգ մը սխալներ սրբագրելու համար»` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը «Իրանին տնտեսական ու քաղաքական կեանքի երակ տրամադրեց»:

Թրամփ յայտնեց, որ իրանեան վարչակազմը արմատական եւ ծայրայեղական է, եւ աշխարհի վրայ քաոս ու ահաբեկչութիւն կը տարածէ, ինչպէս նաեւ կը բռնաճնշէ իր ժողովուրդը եւ կանաչ յեղափոխութեան ընթացքին բռնարարքներ գործեց»:

«Իրանեան վարչակարգը կ’աջակցի Ասատի վարչակարգին եւ համաձայն գտնուեցաւ անոր կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման ու կը շարունակէ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապներ հրահրել», ըսաւ Թրամփ:

Նախքան այդ, Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի նկատմամբ որդեգրած նոր ռազմավարութեան հիմնական կէտերը:

Առաջին կէտը կ՛ազդարարէ. «Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նոր ռազմավարութիւնը ուղղուած է Իրանի կառավարութեան ապակայունացնող ազդեցութեան չէզոքացման եւ անոր նախայարձակութեան զսպման»:

«Մենք պիտի աշխուժացնենք աւանդական դաշինքները եւ շրջանային գործընկերութիւնները` իբրեւ պատուար Իրանի քայքայիչ գործունէութեան դէմ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնման համար», կը նշուի ռազմավարութեան երկրորդ կէտին մէջ:

Երրորդ կէտը հակազդեցութիւն կը նախատեսէ Յեղափոխական պահակագունդին, «անոր չարամիտ գործողութիւններուն ֆինանսաւորման»: «Մենք պիտի միաւորենք միջազգային ընտանիքը Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն դատապարտման համար», նշուած է մէկ այլ կէտի մէջ: Մնացեալ երկու կէտերը կը վերաբերին իրանեան «թեւաւոր հրթիռներու եւ անհամաչափ այլ զէնքի» կողմէ Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց դաշնակիցներուն սպառնալիքի հակազդման, ինչպէս նաեւ հիւլէական զէնք ստանալու իրանեան վարչակարգի բոլոր փորձերու կասեցման:

Միացեալ Նահանգներ Խիստ Մտահոգ`
Շրջանին Մէջ Իրանի Գործունէութեամբ

Միացեալ Նահանգներու բանակի Կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ յայտարարած է, որ իր երկիրը խիստ մտահոգ է շրջանին մէջ Իրանի գործունէութեամբ:

Ըստ զօրավարին, հակառակ Իրանի կողմէ պարբերաբար հնչող սպառնալիքներուն` Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն ուշադրութիւն դարձնել ամերիկեան զօրքերու պաշտպանութեան:

«Իրան շրջանը ապակայունացնող գլխաւոր երկիրն է, ուստի մենք մտահոգ ենք ատոր գործողութիւններէն», ըսած է Վոթըլ, որուն կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը Իրանի հարցով որոշում պիտի որդեգրէ եւ կարելին պիտի ընէ` շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերու պաշտպանութեան համար:

 

Նախորդը

Թրքական Բանակը Իտլիպ Մուտք Գործելով Հսկողութեան Կէտեր Հաստատած Է

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Կառավարութեան Եւ Էրտողանին Չենք Վստահիր» Շեշտեց Ալի

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.