Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Բանակը Իտլիպ Մուտք Գործելով Հսկողութեան Կէտեր Հաստատած Է

October 14, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ Իտլիպ նահանգ:

Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան եւ ականատեսներու համաձայն, թրքական զինեալ ուժերու առաջին շարասիւնը հինգշաբթի ուշ գիշերին մուտք գործած է Իտլիպ: Շարասիւնը բաղկացած եղած է 30 զինուորական մեքենաներէ:

Թրքական շարասիւնին ուղեկցած են Թահրիր Շամ (Ժապհաթ Նուսրայի նոր անունը) խմբաւորումի զինեալները:

Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թրքական բանակի շարասիւնը մտած է Թահրիր Շամի պաշտպանութեան ներքեւ` Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հետ ճակատային գիծին վրայ դիրքաւորուելու համար»:

Նախապէս յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած սուրիական Ալեքսանտրեթ նահանգի Ռէյհանլը շրջան կը բերուին մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն եւ շտապօգնութեան մեքենաներ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական բանակի զինուորական մեքենաներու երեք շարասիւններ Ժապհաթ Նուսրայի ընկերակցութեամբ մուտք գործած են Իտլիպ: Խօսքը կը վերաբերի շուրջ 200 մեքենաներու, ներառեալ` հրասայլեր, զինուորներու փոխադրութեան մեքենաներ, ռատարներ, շտապօգնութեան եւ հրամանատարական մեքենաներ:

Կը հաղորդուի, որ մեքենաները պիտի տեղաւորուին Սըմաան գիւղէն Մաֆրաք Պասուֆան եւ Պասութա երկարող ճամբուն երկայնքին, ինչպէս նաեւ ամբողջովին պիտի փակուին Աֆրին տանող ճամբան ու Իտլիպի գիւղական շրջանի ու Հալէպի միջեւ անցքի կէտերը:

Թրքական բանակը երէկ յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ սկսած է հսկողութեան կէտեր հաստատել:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Ազատ բանակին հետ Իտլիպի մէջ մեր քայլերը սուրիացիները ահաբեկչութենէն եւ սուրիական վարչակարգէն պաշտպանելու համար են»:

Նախորդը

Քրտական Ուժերը Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Են. Իրաքեան Միացեալ Գործողութիւններու Հրամանատարութիւնը Կը Հերքէ Քերքուքի Հարաւը Որեւէ Գործողութեան Շղթայազերծումը

Յաջորդը

Թրամփ Իրանի Նկատմամբ Իր Նոր Ռազմավարութիւնը Յայտարարեց

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.