Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Շապապ Սահել – ՀՄԸՄ մրցումը, Ահտի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:
Այս հանգրուանին մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին համար այս մրցումէն երեք կէտ ապահովելը կը նկատուի շատ կարեւոր, որպէսզի կարելի ըլլայ դասաւորման մէջ վերելք արձանագրել:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Յայտնենք, որ Ա. դասակարգի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ եւս այսօր տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ:
Շապապ Արապի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պհամտունի դաշտին վրայ կը մրցի Թատամոն Սուրի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Սայտայի դաշտին վրայ Ռասինկ կը մրցի Սաֆայի դէմ:


