ԱՅՆՊԷՍ կը թուի, որ Թատամոն Զուք պասքեթպոլի ակումբը եւ ամերիկացի մարզիկ Կառնեթ Թոմսըն, համաձայնութեան եկան իրարու հետ` նկատի ունենալով, որ վերջինս համաձայն գտնուեցաւ 29 հազար ամերիկեան տոլարի փոխարէն, ընդունիլ 19.500 ամերիկեան տոլարի գումարը եւ միանալ Զուքի խումբին:
Այլ գետնի վրայ, Պիլալ Թապպարա եւ Ալի Ֆախրէտտին բողոք պիտի ներկայացնեն ՖԻՊԱ-ին, որովհետեւ անոնք իրենց իրաւունքը` 15 հազարական ամերիկեան տոլար, չեն գանձած Թատամոնէն:
ՇԱՊԱՊ ԷՇՐԵՖԻԷԻ ֆութսալի խումբը այս տարեշրջանին ցարդ ո՛չ մէկ յաղթանակ կրցած է արձանագրել: Տարեշրջանի բացման` գերբաժակի մրցումին, անիկա պարտուեցաւ Պէյրութի դրամատունէն, մինչ ախոյեանութեան գծով իր կատարած երեք մրցումներէն կրցած է միայն մէկ կէտ ապահովել:
Կը կարծուի, որ ատոր պատճառը մարզիչ Թարեք Ռըզքի` թեքնիք յանձնախումբին նախագահի պաշտօնէն հեռացումն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Հասան Մաաթուք, որ նախանցեալ օր Հիւսիսային Քորէայի դէմ տեղի ունեցած զտումի մրցումին (Ասիա-2019) մկանային հարց մը ունեցաւ, շուրջ մէկ շաբաթ պիտի բացակայի իր ակումբէն` Նըժմէէն:


