Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու իր ելոյթներուն` Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
«Տարիներու ընթացքին ես եւ խմբակիցներս մեր ամէն կարելին ըրինք եւ պայքարեցանք մեր երկրին պատիւը պաշտպանելու համար: Թէեւ տխուր կը հեռանամ, բայց հպարտ եմ, որ տարիներ շարունակ մաս կազմեցի խումբին», ըսաւ 30 տարեկան Վիտալ:
Չիլիի խումբը չկրցաւ 2018-ի մոնտիալի աւարտական հանգրուանին տոմս մը ապահովել:
Վիտալ Չիլիի հետ երկու անգամ հանդիսացաւ հարաւային Ամերիկայի բաժակակիր:


