ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բա՞խտ է, թէ՞ ճակատագիր: Այսօր անակնկալ հանդիպում մը ճակատագրական պիտի ըլլայ: Եթէ ամուրի էք, այդ հանդիպումը սիրային արկածախնդրութեան պիտի վերածուի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ջղայնանալով եւ պոռալով ո՛չ մէկ արդիւնքի կը հասնիք: Ձեր շուրջինները հասկցող են եւ բարեացակամ: Հանդարտութեամբ արտայայտուեցէք, որպէսզի աւելի լաւ հասկնան ձեզ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արուեստասէր էք եւ արուեստագէտները շատ բարձր կը գնահատէք: Այս երեկոյ բարձր մակարդակի երգահանդէսի մը եւ կամ թատերախաղի մը ներկայ պիտի գտնուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Թերեւս նիւթական նեղ կացութեան մատնուած էք: Ամէն օր նոյնը չ՛ըլլար: Քիչ մը խնայողութիւն ըրէք եւ անպէտ գնումներէ խուսափեցէք: Այս վի ճակէն շուտով կը ձերբազատիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խաղաղ օր մը պիտի ունենաք: Ո՛չ մէկ միջադէպ: Այս ալ լաւ է: Հանդարտութեամբ կրնաք ձեր ծրագիրները զարգացնել եւ դասաւորել: Երեկոյեան անակնկալ հիւրեր պիտի ընդունիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ընտանեկան կեանքը ամէն բանէ վեր կը դասէք: Յաճախ կը զրկուիք ձեր վայելքներէն: Քիչ մը դուք ձեր մասին մտածեցէք եւ պիտի տեսնէք, որ կեանքը ուրիշ կողմեր ալ ունի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ գործատէր էք, առիթ պիտի ունենաք ճամբորդելու եւ նորութիւններ պիտի բերէք ձեր ասպարէզին համար: Մեծ փոփոխութիւններ պիտի կատարէք եւ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ նախանձողներ կան, որոնք ձեր յաջողութիւնը չեն կրնար մարսել, կարեւորութիւն պէտք չէ տաք եւ հանդարտ պէտք է ըլլաք: Այս ձեւով անոնք պիտի տկարանան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր ջղային վիճակ մը պիտի ունենաք, սակայն պատճառն իսկ պիտի չիմանաք: Պատահական բաներ են: Երեկոյեան ձեզի հաճելի գիրք մը կարդացէք եւ տարբերութիւնը պիտի տեսնէք: Պիտի հանդարտիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ կալուած մը գնելու մտադիր էք, օրը յարմար չէ: Յետաձգեցէք եւ աւելի յարմար օր մը տրամադրեցէք, որպէսզի սխալ քայլ մը առած չըլլաք եւ չվնասէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ շուտ կը պոռթկաք եւ յաճախ անտեղիօրէն ձեր շուրջինները կը վիրաւորէք. պէտք է աւելի հանդարտ ըլլալ եւ մեղմօրէն պատասխանել, որպէսզի ընդհանուր համերաշխութիւն տիրէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թէեւ նախապաշարումներ չունիք, սակայն այսօր կարգ մը տնային գործերէ հեռու մնացէք որպէսզի չվիրաւորուիք, խաղաղ ապրեցէք, երաժշտութիւն մտիկ ըրէք:
