Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն նախագահեց մասնայատուկ ուժերու` Սպայից վարժարանը աւարտող սպաներուն աւարտական հանդէսին` ներկայութեամբ բանակի սպայակոյտի պետ Հաթեմ Մալլաքի եւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպի:
Հանդէսին ընթացքին զօր. Աուն ողջունեց սպաները` շեշտելով զինուորական իւրայատկութիւնները ամբողջացնելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար լիբանանեան բանակին պատրաստուածութիւնը:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց սպաներուն կատարելու իրենց զինուորական առաքելութիւնը` վստահելով իրենց խիղճին եւ հեռու մնալով քաղաքական եւ համայնքային բոլոր տարակարծութիւններէն:
«Դուք կ՛աւարտէք այսօր, երբ ահաբեկչութեան դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակին արձագանգները տակաւին կը լսուին: Դուք կ՛աւարտէք, երբ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաղթանակը տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակով կը տարածուի», ըսաւ ան:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ եթէ լիբանանեան սահմանները աւելի ապահով եւ կայուն սկսած են դառնալ, ապա անիկա բանակին, ինչպէս նաեւ երկիրը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին դիմադրելու անոր կարողութեան շնորհիւ է:
Ան շեշտեց, որ բանակը կրնայ դէմ դնել ահաբեկչական որեւէ վտանգի` ընդգծելով, որ ոչ ոքի արտօնուած է լիբանանցիներուն անվտանգութեան սպառնալ:
«Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան նուաճումը պահպանելու համար պէտք է պահպանել քաղաքացիական անվտանգութիւնը», հաստատեց զօր. Աուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի համար իր կեանքը զոհած ոչ մէկ նահատակ բանակայինի արիւնը յումպէտս պիտի հոսի:
«Բանակը երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ Լիբանանի մէջ քաոս եւ խուլիկանութիւն ստեղծել փորձող որեւէ քայլ, որ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը կրնայ վտանգել», հաստատեց զօր. Աուն:
Պեքաայի Մէջ
Զօր. Աուն ուղղուեցաւ նաեւ Պեքաա, ուր ստուգեց բանակի Զ. ջոկատի զօրանոցը, ինչպէս նաեւ սահմաններուն վրայ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներն ու հսկողութիւնը:
Բանակի հրամանատարը հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնց ուղղելով անհրաժեշտ ցուցմունքները:
«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անոր սահմաններուն ապահովութենէն է, եւ նկատի ունենալով, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութենէն ետք այդ սահմաններուն կը հսկէ լիբանանեան բանակը, ապա այդ սահմանները ապահով են եւ ահաբեկչութենէ զերծ: Երկրին արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրուած է եւ պէտք է անոր լաւ հսկել` արգիլելու համար որեւէ ներխուժում, մաքսանենգում կամ ոտնձգութիւն, որ կը սպառնայ երկրին գերիշխանութեան», հաստատեց զօր. Աուն:
Զօր. Աուն նշեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է եւ զայն խախտելու որեւէ փորձ պիտի սանձուի անմիջապէս եւ կտրուկ կերպով` աւելցնելով, որ բանակին բարեկամ երկիրները կը շարունակեն զինուորական օժանդակութիւններ ներկայացնել անոր` արտայայտելու համար ահաբեկչութեան դէմ բանակին մղած պայքարին իրենց զօրակցութիւնը:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բանակայիններուն մնալու զգաստ եւ պատրաստ:


