Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Տեղահանուածներու Տունդարձին Համար Սուրիոյ Կառավարութեան Հետ Երկխօսութիւնը Պայման Է, Ապա Ինչո՞ւ Չէ» Յայտնեց Մազլում

October 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ վարչապետը ընդարձակ իրաւասութիւններ ունի` նկատի ունենալով, որ Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ այդ իրաւասութիւնները 90 տոկոսով հանրապետութեան նախագահէն առնուեցան եւ տրուեցան վարչապետին:

«Ոչ ոք կը փափաքի վարչապետը իր իրաւասութիւններէն զերծ կացուցել, սակայն ատիկա նաեւ չի նշանակեր, թէ հանրապետութեան նախագահը խօսքի իրաւունք չունի կամ որոշ հարցերու իմաստով նախաձեռնութիւններ չի կրնար առաջադրել: Պէտք է յարգել նաեւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները` նկատի ունենալով, որ ան պատասխանատու է սահմանադրութեան եւ ամբողջ պետութեան», ընդգծեց Մազլում:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն շրջանցելու այս հարցերը եւ գործակցելու` լուծելու համար իրենց սպառնացող բոլոր հարցերը եւ վերականգնելու համար լիբանանեան պետութեան զօրութիւնը:

Մազլում անդրադարձաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Հռոմ եւ Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան` շեշտելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ հանդիպում մը կայացնելու: Ան աւելցուց, որ այդ հանդիպումին քննարկուելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Անդրադառնալով այս հարցին` Մազլում նշեց, որ եթէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին համար Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը պայման է, ապա ինչո՞ւ չէ: «Նոյնիսկ թշնամիները երկխօսութիւն կը կատարեն, երբ կը փափաքին հարց մը լուծել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է գործակցին` լուծելու համար այս հարցը:

 

Նախորդը

Հասպանի. «Պետական Ամավարկին Վաւերացումը Հիմնական Է` Կառավարութեան Դրական Աշխատանքը Շարունակելու Համար»

Յաջորդը

Ռիչըրտ Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի Եւ Շէյխ Քապալանի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.