Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ պէտք է յանգիլ քաղաքական լուծումի մը, որ կ՛արտօնէ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը` ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ժեմայէլի Ռուսիա կատարելիք այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:


