Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

October 12, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայաստանի Դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի Հանդիպումը Հալէպահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

5 հոկտեմբերին Հալէպ ժամանած Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Բացման խօսքով Մարինէ Տարագճեան լուսարձակի տակ առաւ Հալէպի ներկայ վիճակն ու վերականգնումի աշխատանքները, ապա ներկայացուց սուրիական ճգնաժամին տեւողութեան Հայաստանի մօտեցումներն ու Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկած մարդասիրական հանգրուանային օգնութիւնները:

Այնուհետեւ դեսպան Փոլատեան ելոյթ ունենալով` վեր առաւ հալէպահայութեան դիմադրական ոգին եւ մաքառումը` յայտնելով, որ Հայաստանի նախագահն ու կառավարութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն թելադրեցին պահել Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը եւ իրենց կարելին ըրին սատար հանդիսանալու Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ համայնքին:

Դեսպանը լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ էական դերը սուրիական ճգնաժամի հրահրման մէջ` յատկապէս յիշելով 21 սեպտեմբեր 2014-ին, Հայաստանի անկախութեան օրը, Տէր Զօրի յուշահամալիրին ականահարումը եւ Հալէպի հայաշատ թաղերուն ռմբակոծումը: Անդրադառնալով Հայաստանի մօտեցումին` դեսպանը դիտել տուաւ որ Հայաստան երկու ուղղութեամբ գործեց. նախ` իր քաղաքական յստակ դիրքորոշումով հայկական եւ միջազգային բեմերէ դատապարտեց Սուրիա արտածուած ահաբեկչական շարժումը, որ մարդկային բազում զոհեր խլեց, քաղաքակրթութիւն քանդեց, եւ միաժամանակ, իր կարելիութեան սահմաններուն համապատասխան, մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքեց Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ համայնքին:

Այնուհետեւ դեսպան Փոլատեան հալէպահայութեան ներկայացուց Հալէպի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը:

Գլխաւոր հիւպատոսը խօսք առնելով` պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու Հայաստանի դիւանագէտներուն աւանդոյթները:

Աւարտին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց դեսպան Փոլատեանին եւ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանին, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն` դիտել տալով, որ Հայաստան-սփիւռք համաժողովին արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած համայնքներու իրավիճակին յատուկ նիստ յատկացնելը առիթ հանդիսացաւ սուրիահայ համայնքին դժուարութիւնները քննարկելու, ապա նաեւ` կողմնակի հանդիպումներով սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ խօսելու գործակցութեան եզրերու շուրջ:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը, յանուն Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան, Բերիոյ թեմի «Ծառայութեան շքանշան»-ով պարգեւատրեց Սուրիոյ դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեանը:

 Ֆրանսա

Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձի Նշում

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուրի հրաւէրով 3 հոկտեմբերին Փարիզի «Փոքր պալատ»-ի  շքեղ սրահներուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 26-ամեակը` ներկայութեամբ օտար դեսպաններու, քաղաքական եւ մշակութային դէմքերու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու:

Դեսպան Վ. Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ յիշեց Հայաստան-Ֆրանսա 25-ամեայ դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած պատմական նշանակութեամբ դէպքերը, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարին (2006-2007), Ֆրանսայի նախագահներուն Հայաստան այցելութիւնը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ անկէ առաջ: Դեսպանը դրուատեց երկու ժողովուրդներու բարեկամական սերտ կապերը:

Փարիզի քաղաքապետեր Անն Հիտալկոյի ներկայացուցիչ Փաթրիք Քլիւկման իր կարգին շեշտեց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին կարեւորութիւնը:

Ելոյթներուն յաջորդեց շքեղ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին «Երազ» պարախումբը ներկայացուց պարերու փունջ մը:

Հայ Մշակութային Տան Միութեան Ճաշկերոյթը

Հովանաւորութեամբ  Ֆրանսայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի,  30 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան ճաշկերոյթը:

Լիոնի մէջ Հայաստանի փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեանը մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ճինպաշեանին յանձնեց պատուոյ գիր մը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ` հայապահպանութեան եւ Հայաստան-սփիւռք զարգացման գործին մէջ ունեցած անոր աւանդին համար:

Ն. Ճինպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց փոխհիւպատոսին` հաստատելով, որ այս բոլորը կը պարտի իր գործակիցներուն անվերապահ աջակցութեան: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ հայկական մշակոյթի եւ Հայաստանի սէրը շատոնց ժառանգած էր իր հօրմէն` Վարուժան Ճինպաշեանէն:

Նազօ Ճինպաշեան վերանորոգման լրացուցիչ տեղեկութիւններուն համար յայտնեց, որ առանց պետական մարմիններու աջակցութեան եւ առանց նուիրատուներուն` կարելի չէր նախաձեռնել վերանորոգման աշխատանքները :

Երեկոյի ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուեցաւ վերանորոգման ծրագրին նիւթական պատկերը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ  եւ բացատրութիւն տրուեցաւ շինութեան յատակագիծին մասին:

Գեղարուեստական բաժինով հայկական եւ միջազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Անգինէ Ռաստկելենեան` ընկերակցութեամբ «Շերամ» նուագախումբին եւ ջութակահար Մելքոն Ալեքսանեանի:

Միացեալ Նահանգներ

«Տէ՛ր, Ողորմեա»-ի Աղօթք Լաս Վեկասի Զոհերուն Համար

Ի լուր Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական անարգ ոճիրին, որ խլեց մօտ 60 զոհ ու աւելի քան 500 վիրաւորներ, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017-ին ցաւակցագիր մը յղեց Նեւատա նահանգի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալին եւ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Քարոլին Կուտմընին:

«Մեծ վիշտով ու տխրութեամբ լեցուած են  մեր սիրտերը` ի լուր Լաս Վեկասի մէջ զոհուած ու վիրաւորուած անմեղ հոգիներուն, որոնք պարզապէս հաւաքուած էին հաճելի ժամանցի համար: Յանուն Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքին`  խորապէս կը ցաւակցինք այս ողբերգական ու անողոք ոճիրին համար, որ ցնցեց ամբողջ նահանգն ու ողջ մարդկութիւնը: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի` աղօթելով առ ամենողորմ Աստուած, որպէսզի խաղաղութիւն, բարութիւն ու բարի կամեցողութիւն հաստատէ երկրիս վրայ»:

Կիրակի, 8 հոկտեմբերին մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, «Տէ՛ր,  ողորմեա»-ի աղօթք բարձրացուեցաւ զոհերուն յաւիտենական հանգիստին եւ անոնց հարազատներուն վիշտերու ամոքման համար:

Հայաստանի Անկախութեան Նշում Եւ Լիբանանի Նուիրուած Համագումար Լաս Վեկասի Մէջ

Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի հրաւէրով,  յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 22-25 սեպտեմբերին, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան այցելեց Լաս Վեկաս եւ մասնակցեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի գլխաւորած համագումարին, որ նուիրուած էր զանազան ոլորտներէ ներս Լիբանանի բարգաւաճման միջոցներու որոնման:

Համագումարին մասնակցեցան` քաղաքական ու դիւանագիտական դէմքեր, հոգեւորականներ, վերլուծաբաններ, գործարարներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հօր անունով, հայր Թորգոմ ողջոյնի եւ յաջողութեան մաղթանքներ կատարեց նախարարին ու գլխաւոր հիւպատոսին:

Լաս Վեկաս իր կեցութեան ընթացքին հայր սուրբը ներկայ գտնուեցաւ հայ գաղութի ուրբաթօրեայ ընտանեկան հաւաք-ընթրիքին, իսկ 24 սեպտեմբերին, Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով, Ս. պատարագ մատուցեց, հայրապետական մաղթանք կատարեց եւ քարոզեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:աններ, վերլուծաբաններ, գործարարներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

 Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն

Տուպայի Եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Եւ Անոր Հովանաւորութեան Տակ Գործող Յանձնախումբերու Տարեկան Ընդհանուր Հաւաք

Հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան, 30 սեպտեմբերին համալիրի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարչութեան եւ անոր հովանաւորութեան տակ գործող յանձնախումբերու տարեկան ընդհանուր հաւաքը:

Հանդիպման բացումը կատարեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան ատենապետ Մուշեղ Պետիրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` անոնց կատարած ու ծրագրած յայտագիրներուն ու ձեռնարկներուն համար, որոնք գաղութին կեանքը աւելի աշխուժ կը դարձնեն:

Այնուհետեւ իւրաքանչիւր յանձնախումբ (Թաղական խորհուրդը, Օհաննէսեան Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան կազմը, տիկնանց յանձնախումբը, երիտասարդական ու մարզական յանձնախումբը, Գեղարուեստական յանձնախումբը եւ ԵԱՆ-ը) ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները:

Աւարտին Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան մեծապէս գնահատեց յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները ու յառաջիկայ ծրագիրները, մատնանշելով յանձնախումբերուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը` խուսափելու համար ներքին մրցակցութենէ ու խաչաձեւումներէ: Անդրադառնալով համալիրի կարեւորութեան` ան շեշտեց,  որ համալիրը մեր ինքնութեան ու գոյատեւման մայր աղբիւրը կը կազմէ, որուն նկատմամբ նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերել ու ժողովուրդին կապուածութիւնը երաշխաւորել անոր նկատմամբ, աւելցնելով, որ թեմին մէջ որպէս հիմնական կառոյց ունին եկեղեցին ու ազգային վարժարանը, որոնց միշտ պէտք է բծախնդրութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտենալ օգտակար դառնալով անոնց գործունէութեան:

Իր խօսքի աւարտին Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան գնահատեց տարուած աշխատանքները` մաղթելով բոլոր յանձնախումբերուն նորանոր յաջողութիւններ իրենց նուիրական ու անշահախնդիր առաքելութեան մէջ:

Պուլկարիա

300 Տարուան Պատմութիւն Ունեցող Հայկական Եկեղեցւոյ Տեղը Նշուեցաւ Յուշատախտակով

26 սեպտեմբերին Սոֆիայի մէջ տեղադրուեցաւ յուշատախտակ մը այն վայրին մէջ, ուր 1620 – 1934 թուականներուն գտնուած է հայկական եկեղեցին: ԺԷ. դարու սկիզբը քաղաքին մէջ կը հաստատուին հայեր, որոնք ազգասէր Աբրօ Չելեպիի օգնութեամբ կը կառուցեն աղօթավայր մը: Մինչեւ 1878` Պուլկարիոյ ազատագրումը օսմանական լուծէն, հայերը կը բնակէին հայկական թաղամասի մէջ` եկեղեցւոյ մօտակայքը: Ազատագրումէն ետք, յայտարարելով Սոֆիան իբրեւ մայրաքաղաք, կը նախաձեռնուին աշխատանքներ` արագ մեծցող քաղաքին նոր կեդրոն ձեւաւորելու համար: Այդ պատճառով Ս. Նետելիա տաճարին շուրջ կը քանդուին քանի մը հնադարեան եկեղեցիներ, ներառեալ` նաեւ հայկականը, եւ կը կառուցուին Պուլկարական եկեղեցւոյ կարգ մը գլխաւոր շէնքերը:

Հին եկեղեցւոյ եւ դպրոցին փոխարէն` կը տրուի հողատարածք շուրջ 1 քմ դէպի արեւմուտք, ուր այդ ժամանակաշրջանին կը բնակէին հայ գաղթականները: Այդտեղ 1936-ին կը բացուի մինչ օրս գործող Հայոց ազգային տունը` ընդգրկելով աղօթատեղին, դպրոցը, գրադարանը եւ սրճարանը:

Նուիրատու Օնիկ Փիլիպոսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն: Ան յուշատախտակի փաստաթուղթերը նուիրեց ներկայիս Սոֆիայի Հայ առաքելական եկեղեցական վարչութեան նախագահին` մաղթելով, որ շատ շուտով կ՛աւարտի մայրաքաղաքի հայ համայնքի նոր եկեղեցւոյ շինութիւնը եւ կը սկսի գործելու:

Մալեզիա

Հայկական Զբօսայգիի Բացում

Վերջերս Մալեզիոյ Փենանկ նահանգի Ճորճթաուն քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական զբօսայգիի բացում:

Փենանկի նահանգապետ Տաթուկ Մայմունախ Շերիֆ նկատել տուաւ, որ 1600 քառ. մեթր տարածք ունեցող զբօսայգին նախատեսուած է հանրային խաղերու եւ ձեռնարկներու կազմակերպման համար եւ բաժին մըն  է քաղաքի կանաչապատման ծրագիրէն:

Զբօսայգին, որուն կառուցումը սկսած էր 2016-ին, կը գտնուի «Արմինիըն սթրիթ» կամ «Լեպուհ Արմինիա» փողոցին հարեւանութեամբ:

Լոնտոն

Հայ Ոսկերիչին Պատրաստած Ոսկեայ Սկուտեղը Ցուցադրուած Է Պեքինկհամ Պալատին Մէջ

Վերջերս հայ ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեանին պատրաստած ոսկեայ սկուտեղը ցուցադրուեցաւ Պեքինկհամ պալատին մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին երկարամեայ իր կառավարման տարիներուն ամբողջ աշխարհէն թագուհի Էլիզապէթ Բ.-ին ստացած նուէրները:

Եթովպիոյ վերջին կայսր Հայլէ Սելասիէ Ա. 1965-ին թագուհիին Եթովպիա այցելութեան ընթացքին անոր նուիրած էր Պետրոս Սեւաճեանին պատրաստած սկուտեղը:

Ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեան եղած է Հայլէ Սելասիէ կայսեր պալատին մէջ ոսկերչական իրերու մատակարարը մինչեւ 1974, մինչեւ` երկրին մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջումը:

Վրաստան

«Բոհեմ» Համոյթի «Ճեղքուող Լռութիւն» Համերգը

17 սեպտեմբերին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու  25-ամեակին նուիրուած «Ճեղքուող լռութիւն» խորագրով գրական-երաժշտական երեկոն` կատարողութեամբ մարտ 2016-ին հիմնադրուած Երեւանի «Բոհեմ» համոյթին:

Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համոյթին ինքնատիպ արուեստը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ համոյթի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:

Ծրագիրը ներկայացուցին` բանաստեղծ Գոռ Յարութիւնեան, երաժիշտ-կատարողներ Վահէ Քոչար, Ռուբէն Քամալեան եւ Գագիկ Շիպոյեան:

Աւարտին վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր գնահատանքի  խօսքին մէջ արժեւորեց համոյթին գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ նման երեկոները հոգեւոր, կրթական ու մշակութային առաքելութեան մաս կը կազմեն եւ շատ կարեւոր դաս կ՛ըլլան յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար:

 

Նախորդը

Անակնկալ Հանդիպումս Շաւարշ Նարդունիի «Հայ Բոյժ»-ին Հետ

Յաջորդը

Գաղափարական Հարցեր. Երուանդ Ֆրանգեան Եւ Ներկայիս Հայ Պատմափիլիսոփայական Մտածողութեան Մէջ Տիրող Դատարկութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.