Արարատ Մոսկուայի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աւագ մարզիչ Պօղոս Գալստեան նշանակուեցաւ ակումբի առաջին փոխնախագահ, բայց եւ այնպէս 65 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը պիտի շարունակէ իր պաշտօնը իբրեւ ակումբի մարզիչ:
Գալստեան մարզիչի իր ասպարէզին սկսաւ 2005-ին: Ան 2010-ին Մոսկուայի մէջ աւարտեց մարզիչի իր դասընթացքը եւ ստացաւ «Փրօ» արտօնագիր:
Ան իբրեւ մարզիչ մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Քուպան, Խիմքի, Ուրալի երիտասարդական խումբ եւ այլն:


