Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Չաւի, որ ներկայիս մաս կը կազմէ քաթարեան Սատ խումբին, յայտնեց, որ 2022-ին կ՛ուզէ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը ըլլալ:
37 տարեկան Չաւի, որ 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սատի, ըսաւ, թէ բաւական ծանօթ ըլլալով քաթարցի ֆութպոլիստներուն, կրնայ մարզել անոնց ազգային խումբը եւ լաւ արդիւնք արձանագրել 2022-ի մոնտիալին, որուն հիւրընկալ երկիրն է Քաթար:


