Շուէտի ֆութպոլի 6-րդ դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Էսքիլսթուն 28-3 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Էսթերմալմի:
Յաղթական կազմէն 25 տարեկան Սեպասթիան Նիկարտ նշանակեց 21 կոլ:
«Առաջին տասը կոլերէն ետք չկրցայ գիտնալ, թէ քանիի հասաւ հաշիւը: Յետոյ ինծի ըսին, թէ անիկա 21-ի հասաւ», ըսաւ ան:


