Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Մեր Ցանկութիւնն Է, Որ Թուրքիոյ Կողմէ Որեւէ Քայլ Չկատարուի»

October 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-թուրքական արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւններու մթնոլորտը շատ աւելի վատ է, քան անոնցմէ առաջ: Այս մասին 10 հոկտեմբերին «Մետիա կեդրոն»-ին մէջ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները արձանագրութիւններու ստորագրումէն  առաջ եւ ետք» նիւթով քննարկման ժամանակ նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կատարած յայտարարութեան, որ մինչեւ  2018 գարուն արձանագրութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ առ ոչինչ, Մանոյեան նշեց. «Դաշնակցութեան ցանկութիւնն է, որ Թուրքիան ոչ մէկ քայլ ալ չկատարէ, քանի որ Թուրքիան յառաջ  քշած է առնուազն 2 նախապայման, իսկ Ղարաբաղի հարցով յառաջ մղած նախապայմանը դրած էր արձանագրութիւններէն առաջ, հակառակ անոր որ անիկա տեղ չգտաւ փաստաթուղթին մէջ: Թուրքիան կ՛ուզէր, որ այս ամբողջ հոլովոյթը կապուի Արցախի հետ»:

Մանոյեանի հաստատումով, նոյնիսկ արձանագրութիւններու  ստորագրումէն 1 տարի ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) համագումարին յայտարարեց, որ մենք այն չենք, ինչ էինք մէկ տարի առաջ, սակայն Թուրքիան ցոյց տուաւ, որ պատրաստ չէ առանց նախապայմաններու  յարաբերութիւններու հաստատման:

Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, այժմ Արեւմուտքի կեցուածքին մէջ եւս կայ  փոփոխութիւն:

Կիրօ Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանը պէտք է նախագիծ մը  դնէ սեղանին, ուր պէտք է նշուի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին եւ հայ-թրքական ճամբան, ոչ թէ սահմանը բանալու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, իսկ Հայաստանը եւ Թուրքիան իրենց միջեւ խնդիրները պէտք է լուծեն միջազգային իրաւունքի եւ փորձի  հիման վրայ:

Իր խօսքի աւարտին Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ նախապայմաններու  յառաջ մղումը պատրուակ է, քանի որ Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ անկախ Հայաստան չկայ, իսկ ղարաբաղեան հարցը լծակ է Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Նոր Նախագահ Ընտրած Է

Յաջորդը

Արա Բաբլոյեան Ընդունած Է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Երեսփոխան Տանիէլ Ղազարեանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.