Իրաքի քարիւղի նախարար Ժապպար Ալի Լաայիպի պահանջած է որքան կարելի է շուտ վերսկսիլ իրաքեան Քերքուք նահանգէն դէպի թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ քարիւղի արտածման աշխատանքները` այդպիսով շրջանցելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզէն անցնող այլ խողովակաշար մը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ մէկ օր առաջ իրաքցի նախարարը հանդիպում ունեցած է Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին հետ, որուն հետ քննարկած է իրաքեան քարիւղի` թրքական Ճէյհանի տարածքով արտածման վերսկսման հարցը: Լաայիպի, մասնաւորաբար շեշտած է Քերքուքէն Իրաքի Սալահէտտին եւ Նինուէ նահանգներու տարածքով Թուրքիա հասնող քարիւղի մատակարարման հոլովոյթի վերականգնման արագացման անհրաժեշտութիւնը:
Քարիւղի նախարարութեան ներկայացուցիչ Իսամ Ժիհատ նշած է, որ քարիւղի վերամշակումով ու մատակարարումով զբաղող ընկերութիւններուն աշխատանքներու վերսկսման մասին ցուցմունքը տրուած է նշեալ նահանգներու ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրուելէն ետք:
Քերքուքը Պաղտատի եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին միջեւ վիճելի տարածքներու շարքին է:


