Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ նախարարութեան յատկացուած գումարը պիտի արտօնէ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը կարենայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրագործել ֆայպըր օփթիք ցանցը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բարելաւել համացանցի արագութիւնը:
Ժարրահ շեշտեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին արագ համացանցի ծառայութիւն կարելի պիտի ըլլայ մատուցել լիբանանցիներուն, ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն:
«450 միլիառ լ. ոսկի արժողութեամբ գումարը, որ նախարարութեան յատկացուած է կառավարութեան կողմէ, պիտի բաժնուի 4-ի եւ յատկացուի 4 տարուան ընթացքին իրագործուելիք համացանցային ծրագիրներու: Առաջին տարուան ընթացքին նախարարութիւնը պիտի տրամադրէ 150 միլիառ լ. ոսկի, երկրորդ տարուան ընթացքին` դարձեալ 150 միլիառ լ. ոսկի, իսկ 75-ական միլիառ լ. ոսկի պիտի տրամադրուի երրորդ եւ չորրորդ տարիներուն ընթացքին, որպէսզի յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրագործուած ըլլայ ֆայպըր օփթիքի ծրագիրը», շեշտեց Ժարրահ:
Ան յայտնեց, որ համացանցի արագութիւնը զգալի պիտի դառնայ 2018-ի սկիզբը` աւելցնելով, որ նախարարութեան կողմէ աշխատանքին սկսելէն անմիջապէս ետք արդիւնքները շօշափելի պիտի դառնան:



