Իրան երէկ սպառնաց Միացեալ Նահանգներուն «ջախջախիչ» պատասխան տալ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ըներ այդ ռազմավարական սխալը», յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի:
«Եթէ անոնք այդ սխալը գործեն, Իրանի արձագանգը պիտի ըլլայ վճռական եւ ջախջախիչ», ընդգծած է պաշտօնեան:
Կիրակի օր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի գլխաւոր հրամանատար զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտարարած էր, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներու զօրքերուն հետ պիտի վարուի ճիշդ ինչպէս կը վարուի ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ, եթէ Ուաշինկթըն սեւ ցուցակին մէջ ներառէ իր ղեկավարած կառոյցը: Ան նաեւ նշած էր, որ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ուժերը պիտի յայտնուին վտանգի տակ:
Նշենք, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին առնչուած անհատներն ու կազմակերպութիւնները արդէն Միացեալ Նահանգներու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ ներառուած են, սակայն ինքը` պահակագունդը` ոչ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուի նոր պատժամիջոցներ յայտարարել Իրանի դէմ, ինչպէս նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ներառել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ:



