Ասիական զարգացման դրամատունը կը պատրաստուի Ազրպէյճանին մինչեւ 300 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրել` պետական հատուածի արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ կառավարման ծրագիրներու կատարելագործման համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ծրագիրին հիմնական նպատակը պետական հատուածին մէջ կառավարման ուժեղացումը եւ ելեւմտական հատուածին խորացումն է, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի տնտեսութեան բազմազանութեան նպաստելը:
«Ծրագիրին իրականացումը պիտի արտօնէ բարելաւել հարկերու եւ պիւտճէական ծրագրաւորումը, նպաստել տնտեսական բազմազանութեան», նշուած է ծրագիրի նիւթերուն մէջ:
Ծրագիրը կը ներառէ երկու ենթածրագիրներ, որոնց իրականացումը կը նախատեսուի 2017-2019 թուականներուն:



