Սեպտեմբեր 29-ին Երեւանի մէջ գումարուած է տնտեսական, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի Ե. նիստը: Յանձնաժողովին համանախագահներն են Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ Եգիպտոսի ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասր:
Եգիպտական պատուիրակութեան մաս կազմած են` ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու բաժինի ներկայացուցիչները, ներդրումներու եւ ազատ գօտիներու գլխաւոր տեսչութեան, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, արտաքին նախարարութիւններու եւ այլ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, գործարարներ: Հայկական պատուիրակութեան մաս կազմած են ութ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ: Նիստին մասնակցած են երկու երկիրներու դեսպանները:
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Դաւիթ Լոքեան ողջունելով նախարար Նասրին ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները` ըսած է, որ բաւական արդիւնաւէտ աշխատանք կատարած են յանձնաժողովի անդամները: «Այսօր արդէն կարող ենք ամփոփել եւ մեր երկու երկրների համագործակցութեան համար գծել այն ճանապարհային քարտէսը, որով առաջիկայ տարիների ընթացքում փոխադարձաբար առաջ կը շարժուենք: Բոլորիս յայտնի է, որ մեր վերջին միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը տեղի է ունեցել 2005 թուականին եւ այդ պատճառով մեր յարաբերութիւններում տնտեսական եւ քաղաքական տեսանկիւնից մեծ դադար է արձանագրուել, եւ դա առաջին հերթին աշխարհաքաղաքական իրավիճակով է պայմանաւորուած: Այսօր երկու երկրները պատրաստակամութիւն են յայտնել վերսկսել միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերը եւ գտնել համագործակցութեան ճանապարհները: Վերջին 12 տարուայ ընթացքում երկու երկրների միջեւ ապրանքաշրջանառութեան մակարդակը բաւականին կրճատուել է, չեն եղել հիմնական համագործակցութեան խարիսխը եւ համադրումը: Եւ այս միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը պէտք է լինի այն հիմնական հարթակը, որով մենք պէտք է առաջ շարժուենք: Կան շատ ոլորտներ, որոնք փոխադարձաբար շահաւէտ են երկու երկրների համար, դա զբօսաշրջութիւնն է, փոխադարձ ներդրումներով արտադրութիւնների հիմնումը, տնտեսական համագործակցութիւնը, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնների, կրթութեան ոլորտները: Շատ կարեւոր է Եգիպտոս-Հայաստան համագործակցութիւնում առանձնացնել Եգիպտոս-Հայաստան ապակենտրոնացուած համագործակցութիւնը մեր մարզերի եւ Եգիպտոսի համապատասխան նահանգների միջեւ, որը հնարաւորութիւն կը տայ աւելի շօշափելի, տեղայնացուած համագործակցութեան հասնել: Ներուժը հսկայական է, հնարաւորութիւնները շատ մեծ են», ըսած է նախարար Լոքեան:
Ան ընդգծած է, որ Եգիպտոսը ունի հայ-եգիպտական համագործակցութեան վեց փաստաթուղթեր, ստորագրուած է աշխարհի համար շատ կարեւոր տնտեսական հարթակ` Սուէզի ազատ տնտեսական գօտիին մասին, որ ոչ միայն արտադրութեան, առեւտուրի, այլ շարք մը ուղղութիւններով աշխատող գօտիներէն մին է: «Նախարար Նասրից ստացել ենք առաջարկութիւններ, որպէսզի մեր գործարարներին տրամադրենք հնարաւորութիւն` այս ուղղութեամբ աշխատելու, քանի որ մեծագոյն շուկաներ դուրս գալու լաւագոյն օղակներից մէկն է», նկատած է Դ. Լոքեան:
Միաժամանակ ան վստահեցուցած է, որ Սահար Նասրին եւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, գործարարներու հետ հանդիպումները նոր խթան պիտի դառնան համագործակցութիւնն աշխուժացնելու համար: Նախարար Սահար Նասր շնորհակալութիւն յայտնած է նախարար Լոքեանին` համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար, ըսած է, որ ուրախ է եղբայրական Հայաստանի մէջ գտնուելու եւ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու համար: «Այստեղ մենք մեզ զգացինք մեր երկիրին մէջ: Մենք ունինք հայկական համայնք եւ անկէ օգտուելով` պիտի զարգացնենք մեր յարաբերութիւնները տարբեր` կրթական, մշակութային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Մենք կը ձգտինք ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ քննարկումներէ ետք ունեցած ենք դրական արդիւնքներ, կը շեշտենք, որ ուշադրութիւնը սեւեռուած է մեր երկու երկիրներու ներդրումներու եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ: Շատ կարեւոր է, որ համաձայնութիւնները չմնան թուղթի վրայ: Մենք պէտք է ունենանք ուղեցոյց, ժամանակացոյց եւ լուրջ կերպով հետեւինք արդիւնքներուն: Մեծ նշանակութիւն ունի այն, որ նստաշրջանը կը գումարուի յատկապէս այն ժամանակամիջոցին, երբ երկու երկիրներուն մէջ կ՛իրագործուին տնտեսական բարեփոխումներու մեծ ծրագիրներ», ըսած է նախարար Սահար Նասր:
Նիստի աւարտին երկու երկիրներու նախարարները ստորագրած են հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի Ե. նիստի արձանագրութիւնը: Նիստի ծիրին մէջ Հայաստանի կառավարութեան անդամները եգիպտական կողմին հետ ստորագրած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան փաստաթուղթեր: Այսպէս`
1.- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ Եգիպտոսի միջազգային համագործակցութեան եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ ներդրումներու համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր,
2.- Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի երիտասարդութեան նախարարութեան եւ փոխըմբռնման յուշագիր,
3.- Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Աղեքսանդրիոյ գրադարանին միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր,
4.- Հայաստանի եւ Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւններու համագործակցութեան գործնական ծրագիր,
5.- Երեւանի պետական եւ Գահիրէի համալսարաններուն միջեւ ակադեմական համագործակցութեան համաձայնագիր,
6.- Հայաստանի Ազգային արխիւի եւ Եգիպտոսի Ազգային գրադարանի եւ արխիւի միջեւ արխիւային գործի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան համաձայնագիր:
Յիշեցնենք, որ 1996-էն գործած է հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովը, որ ունեցած է չորս նիստ: Հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի վերջին նիստէն անցած է 12 տարի: Վերջինը 2005թ.-ին գումարուած է Գահիրէ:
Հերթական Ե. նիստը պէտք էր կայանար 2011-ին` Երեւան, սակայն յայտնի իրադարձութիւններուն պատճառով յետաձգուած էր եգիպտական կողմին խնդրանքով:



