«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Արցախի Հանրապետութիւն այցելած թուրք երեսփոխան Ուֆուք Ուրասի, գրող Սայիթ Չեթինօղլուի, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլուի վերաբերեալ կալանաւորման վճիռ արձակած է եւ անոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած:
Ուֆուք Ուրաս Պոլսոյ մէջ հայկական «Ակօս» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ այս առնչութեամբ ըսած է. «Պաքուէն հեռաձայնեցին ու հարցուցին` արտօնութիւն ստացա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ: Ես ալ պատասխանեցի, որ մենք այնտեղ փշալարերու վրայէն անցնելով չենք գացած, իսկ ճամբան ոչ ոք ոչինչ հարցուցած է: Չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ յատկապէս մեր նկատմամբ այսպիսի վերաբերմունք կը ցուցաբերեն, երբ տարբեր երկիրներէ զբօսաշրջիկներու խումբեր եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի պատուիրակութիւններ կու գան-կ՛երթան Ղարաբաղ»:
Իսկ Ալի Պայրամօղլու իր կարգին ըսած է. «Ղարաբաղ երթալու ատեն ի հարկէ կ՛ենթադրէինք, որ պիտի ծագին խնդիրներ, բայց ատիկա աւելի կը սպասէինք Թուրքիոյ ազգայնական շրջանակներէն: Մինչդեռ նման արձագանգ ստացանք Ազրպէյճանի կողմէ: Իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է, որ Անգարա Պաքուին ուղղուած յստակ յայտարարութիւններ ընէ` ի պաշտպանութիւն իր քաղաքացիներուն: Մինչդեռ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախընտրեց աչք փակել այս իրավիճակին վրայ: Կը ցանկայինք, որ Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը աւելի յստակ մօտեցում ցուցաբերէր»:
Ըստ Պայրամօղլուի, կալանաւորման որոշումին մասին յայտարարած ազրպէյճանցի դատախազը յայտարարած էր, թէ Ղարաբաղ այցելած վերոնշեալ քաղաքացիները հայամէտ են, կ՛աջակցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան անկախացման հոլովոյթին: Թուրք գրողը կը յայտնէ, թէ «Ինթըրփոլ»-ի միջոցով իրենց գծով միջազգային հետախուզում յայտարարուած ըլլալու փաստը որոշ երկիրներ այցելելը վտանգաւոր կը դարձնէ, որովհետեւ այդ երկիրները կրնան զիրենք յանձնել Ազրպէյճանին: Այդ պատճառով Պայրամօղլու հարկադրուած եղած է առկախելու նախօրօք ծրագրած իր այցելութիւնը Պէյրութ:



