Երէկ` հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանան մեկնեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ Թրիաթլոնի ախոյեանութեան, որ կը սկսի այսօր` ուրբաթ:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ահմետ Խալիֆէ, մարզիկներն են` Լինտզի Նատեր, Էլիաս Պայտուն եւ Ալի Զողպի, իսկ անոնց մարզիչը` Սեմի Մաժետ:
Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօրավար Մահմուտ Տիպ յաջողութիւն մաղթեց մարզիկներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք պատուաբեր արդիւնքներով վերադառնան Յորդանանէն:



