Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի նախօրեակին եւ անոր ազդանշանին տրուելէն շուրջ 10 օր առաջ, ցարդ անորոշ է, թէ Թատամոն Զուք իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ՞ ախոյեանութեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Թատամոնի դէմ սահմանուած է պատիժ, որուն հիման վրայ ակումբին արգիլուած է օտար մարզիկներու հետ բանակցութիւններ կատարել:
Ներկայ դրութեամբ բնականաբար տեղացի մարզիկներով ախոյեանութեան մասնակցիլը անիմաստ կը թուի ըլլալ, հակառակ անոր որ խումբին մաս կազմող լիբանանցի մարզիկները ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց փորձերը կը կատարեն «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Անոնց փորձերուն կը հսկէ մարզիչ Ռոլան Թապեթ, մինչ օտար նոր մարզիչի մը գծով ցարդ ոչ մէկ նորութիւն կայ:
Շատ քիչ ժամանակ մնացած է փրկելու Թատամոն ակումբը, որպէսզի անիկա կարելիութիւն ունենայ մասնակցելու նոր ախոյեանութեան:
Խումբին հովանաւոր անձերուն կամ անոր մօտիկ շրջանակներուն անունները գրեթէ անյայտացած կը թուին ըլլալ, իսկ անցեալին անոր զօրավիգ կանգնած պատկան մարմինները այժմ չքացած են` ակումբը ձգելով իր ճակատագիրին:
Կ՛ակնկալուի, որ Թատամոն Զուք պասքեթպոլի ակումբին հարցը գտնէ շուտափոյթ լուծում:



