Հիւրընկալելու համար 2030-ի մոնտիալը` Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Փարակուէյ պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ որոշեցին միացեալ առաջարկ մը ներկայացնել այս ուղղութեամբ:
2030-ին կ՛ամբողջանայ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան 100-ամեակը:
Առաջին ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի մէջ` 1930-ին: Արժանթին այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալեց 1978-ին, մինչ Փարակուէյ զայն հիւրընկալելու բախտը ցարդ ունեցած չէ:
«Սփոքսմըն-Ռիվիու» կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ երեք երկիրներուն պատասխանատուները նման յայտարարութիւն կատարեցին Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք:



