Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու Իրաւունքը ՀՀԿ-ինն Է, Բայց ՀՀԿ-ն Պիտի Խորհրդակցի ՀՅԴ-ի Հետ Թեկնածուի Առաջադրման Հարցով

October 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելէ առաջ ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ձեւաւորուած քաղաքական խորհուրդը կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ եւ հարցեր քննարկել: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ վերջին անգամ ե՞րբ հանդիպած է ՀՀԿ-ՀՅԴ խորհուրդը եւ ի՞նչ հարցեր կան օրակարգի վրայ` ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը ըսաւ. «Որոշակի պարբերականութեամբ խորհուրդը նիստեր կը գումարէ, կը քննարկուին առկայ հարցերը: Եթէ  ըլլան Ազգային ժողովին մէջ քննարկուելիք կարեւորագոյն նախագիծեր, միացեալ նիստեր կը կազմակերպենք եւ միասին կը փորձենք որոշումներ տալ ու համախոհութիւն ձեւաւորել: Սովորական աշխատանքային հոլովոյթ է»:

Վարդանեան ըսաւ, որ երկու-երեք օր առաջ ՀՀԿ-ՀՅԴ խմբակցութիւնները նիստ ունեցած են, իսկ խորհուրդը վերջին անգամ մօտ մէկ ամիս առաջ  հանդիպած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խորհուրդը պիտի քննարկէ՞ 2018-ին վարչապետի թեկնածուի հարցը, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց, որ քաղաքական համաձայնագիրով նախատեսուած է, որ վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունքը կը պատկանի ՀՀԿ-ին, բայց ՀՀԿ-ն պիտի խորհրդակցի ՀՅԴ-ի հետ` թեկնածուի առաջադրման հարցով:

Իսկ «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Ա. Վարդանեան ըսաւ. «Ժամանակային այս փուլին նման հարց բարձրացնելը, չեմ բացառեր, որ կրնայ նաեւ խանգարիչ հանգամանք ըլլալ: Մենք դժուարութեամբ եկած-յանգած ենք վիճակի մը, երբ ունինք ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ անդամակցութիւնը, ե՛ւ  ունինք կարելիութիւն Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիր ստորագրելու, այսինքն` «Ե՛ւ,ե՛ւ»-ի քաղաքականութիւն: Եւ մէկ քայլով փորձել փոփոխութիւն կատարել, ո՞րն է նպատակը, ատիկա ի՞նչ պիտի տայ մեզ»:

Ան նշեց, որ վստահաբար այսօր Հայաստանը ունի խնդիրներ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու հետ Ղարաբաղի տագնապին հետ կապուած. «Այսօր առաւելագոյնը պէտք է փորձենք ամէն ինչ ընել, որ նոյեմբերին կամ մօտակայ ժամանակներս Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը ստորագրուի, եւ  պէտք է կարենանք հաւասարակշռութեան բերել մեր յարաբերութիւնները», աւելցուց Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Հաւանական Է Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիր Կնքել Եւ Զարգացնել Փոխադարձ Գործակցութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.