Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Վարչապետը Փեշմերկաները Կը Զգուշացնէ Քերքուքի Մէջ Ուժ Կուտակելէ

October 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քերքուքի մէջ փեշմերկաներու կուտակումներուն մասին հաղորդուած տեղեկութիւններէ ետք, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի զգուշացուց Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը մագլցումի գործելաոճէն ու կատարուած իրողութեան ստեղծումէն:

«Գաղտնի սպասարկութիւններու տեղեկութիւնները կը խօսին Քերքուք քաղաքին մէջ մեծաթիւ փեշմերկա ուժերու գոյութեան մասին», նշեց ան` այդ քայլը նկատելով «վտանգաւոր ու մերժուած կեդրոնին եւ մարզերուն միջեւ վիճելի բոլոր շրջաններուն մէջ»:

Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս աշխատանք տանելու` այդտեղ կացութիւնը բնականոնացնելու եւ վիճելի շրջաններ իրաքեան ուժերու վերադարձը արտօնելու:

Միւս կողմէ, Իրաքի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Եան Քոփիչ նշեց, որ ՄԱԿ-ը աշխատանք կը տանի Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ լարուածութեան մագլցումը կանխարգիլելու եւ օտարներու միջամտութիւնը արգիլող շինիչ երկխօսութեան համար գտնելու հասարակաց հիմք մը:

Խօսելով Քրտական ինքնավար մարզի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մասրուր Պարզանիի հետ իր հանդիպումին մասին` Քոփիչ յայտնեց, որ վերջինս հանրաքուէին նկատմամբ Պաղտատի հակազդեցութիւնը նկատած է չափազանցուած եւ հակասահմանադրական:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է ճնշում բանեցնելու Պաղտատի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ քիւրտ ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկած «հաւաքական պատիժը»:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Եթէ Ազրպէյճան Լքէ Եւրոպական Խորհուրդը, Մեր Կեանքէն Ոչինչ Պիտի Փոխուի»

Յաջորդը

Քիւրտերը Սուրիոյ Մէջ Գրաւած Են Քարիւղի Հանք Մը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.