Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

750 Առաջադրում` 2018 Թուականի «Աւրորա» Մրցանակին

October 6, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

2018 թուականին «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը` չկրկնուող թեկնածութիւններ:

Առաջադրման փուլին (29 մայիսի 2017-էն մինչեւ 8 սեպտեմբեր)  դիմումներ ուղարկուած են 12 լեզուներով` 115 երկիրներէ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եգիպտոս, Հայաստան, Հնդկաստան, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Իրան, Ուքրանիա եւ Քենիա: Առաջադրուած թեկնածուներու թիւը աճած է 100 տոկոսով` նախորդ տարուան համեմատութեամբ, երբ առաջադրուած էին 254 թեկնածուներ` 13 լեզուներով, 66 երկիրներէ:

«Շատ յուզիչ եւ ոգեշնչող է այն փաստը, որ 750 հոգի ժամանակ տրամադրած եւ պատրաստած ու ներկայացուցած է մարդասիրական մարզին մէջ գործող 509 անհատները: Ատիկա կը վերահաստատէ մեր հաւատքը այն ուղղութեամբ, որ իսկապէս մեծարման արժանի են այն բացառիկ անհատներու ուժն ու ոգին, որոնք մեր անունով, երբեմն` մեր փոխարէն, իրենց գործողութիւններով կը վերահաստատեն եւ կը պաշտպանեն մեր ընդհանուր մարդկայնութիւնը: «Աւրորա» մրցանակը երախտագիտութիւնը գործով արտայայտելու ուղի է` շնորհակալութիւն յայտնելով այն անձնազոհ հերոսներուն, որոնք այլոց ապրելու հնարաւորութիւնը կու տան: Մենք նպատակ ունինք «Աւրորա»-ի միջոցով ճանաչման արժանացնել մերօրեայ հերոսները», ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանը:

2018 թուականի «Աւրորա» մրցանակի թեկնածութիւնները կ՛ուղարկուին մարդասիրական մարզի խումբ մը գործիչներու, որոնք կ՛ուսումնասիրեն առաջադրումները եւ կը գնահատեն զանոնք` հաշուի առնելով, թէ որքանո՛վ անոնք կը համապատասխանեն «Աւրորա» մրցանակի ընտրական չափանիշներուն` ցուցաբերուած խիզախութիւն, նուիրուածութիւն եւ ազդեցութիւն: Ընտրուած թեկնածուներու հակիրճ ցանկը կը ներկայացուի Ընտրող յանձնախումբին, որ կը գլխաւորէ օսկարակիր դերասան եւ մարդասիրական գործիչ Ճորճ Քլունին:

«Համաշխարհային հրատապ մարդասիրական ճգնաժամերու ժամանակաշրջանին կարեւոր է, որ մենք կարելիութիւն ունինք ճանչնալու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու այն անհատներուն, որոնք բարի գործեր կը կատարեն` բարիք գործելու մտադրութեամբ: «Աւրորա»-ի ամէն տարուան յաւակնորդները ոգեշնչած են մեզ իրենց աշխատանքով եւ իրենց խօսքով: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք ամբողջ աշխարհէն նոր հերոսներու պատմութիւններուն ծանօթանալու», յայտնած է «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնախումբի անդամ, Իրլանտայի նախկին նախագահ, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու հարցերով նախկին յանձնակատար Մերի Ռոպինսընը:

«Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնախումբի անդամներն են` Նոպէլեան դափնեկիրներ Օսկար Արիասը, Շիրին Էպատին եւ Լէյմա Կպովէն, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսընը, մարդկային իրաւունքներու գործիչ Հինա Ճիլանին, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին նախագահ եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Կարեթ Էվանսը, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլիոն, Լոնտոնի Կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, փրոֆ. Լորտ Տարզին, Նիւ Եորքի Քառնեկի կազմակերպութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեանը:

2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ բժիշկ Թոմ Քաթինային, որ կաթողիկէ միսիոնար է Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի Ամսթերտամ քաղաքէն: Ան հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկած է` ըլլալով Սուտանի Նուպայի լեռներու տարածաշրջանի միակ մշտապէս գործող վիրաբուժը: Այդ տարածաշրջանին մէջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, իսկ մարդասիրական օգնութեան մուտքը սահմանափակ է: 2016 թուականին «Աւրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ Մարկարիթ Պարանկիցէին` երեխաներու արժանապատուութեան ու յոյսի վերականգնման գործին մէջ իր չկոտրուող նուիրուածութեան համար: Մարկարիթը Պուրունտիի մէջ «Խաղաղութեան տան» (Մեզոն Շալոմ) եւ «Ար.Ի.Էմ.Էյ.» հիւանդանոցին հիմնադիրն է:

2018 թուականին «Աւրորա» մրցանակի թեկնածուներուն անունները պիտի հրապարակուին 24 ապրիլ 2018-ին` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակի օրը: 1 միլիոն տոլարի «Աւրորա» մրցանակը, որ ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, երրորդ անգամ կը շնորհուի 10 յունիս 2018-ին, Հայաստանի մէջ: Դափնեկիրը մէկ միլիոն տոլարը կը նուիրաբերէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ոգեշնչած են զինք իր գործունէութեան ընթացքին: Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը կ՛ամփոփէ յատուկ ձեռնարկներով լի շաբաթը, որոնք տեղի կ՛ունենան 8-10 յունիս 2018-ին: Այսօրուան ամէնէն հրատապ մարդասիրական խնդիրներուն համար լուծումներ որոնելու եւ մարդասիրութիւնը փառաբանելու համար Հայաստանի մէջ կը հաւաքուին` մարդասիրական մարզի հեղինակաւոր գործիչներ, գիտնականներ, բարերարներ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ գործարար առաջնորդներ:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. «Զօրեան» Հիմնարկ, Քանատա

Յաջորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թրքական Մամուլին Արձագանգը` Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.