Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. «Զօրեան» Հիմնարկ, Քանատա

October 6, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Թուրքիան մեր կողմը պահէ, անկախ անկէ, թէ անոր պատճառով հայեր մեռնի՞ն, թԷ՞ ոչ»

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Փոլ Ուոլֆ Մեթերնիչ գրած է  կայսերական վարչապետ Թէոպալտ Ուն Պեթման Հոլվեկին, Պերլին, 7 դեկտեմբեր 1915-ին:

…. Հայերու ենթարկուած հալածանքներուն նկատմամբ մեր դժգոհութիւնը պէտք է յստակ արտայայտուած ըլլայ մեր մամուլին մէջ, եւ պէտք է վերջ դնենք մեր խանդավառութեան` թուրքերուն նկատմամբ: Ինչ որ անոնք կ՛իրագործեն, մեր պատճառով է: Ասոնք մեր սպաներն են, մեր թնդանօթները, մեր դրամը… Հայկական հարցին մէջ յաջողութիւն արձանագրելու համար պէտք է վախ յառաջացնենք թրքական կառավարութեան մօտ` հետեւանքներուն վերաբերեալ: Եթէ զինուորական նկատառումներով մենք չենք համարձակիր ճակատիլ աւելի ամուր դիրքորոշումով, ապա մենք այլընտրանք չունինք, եթէ ոչ` կանգնելու եւ դիտելու, թէ ինչպէ՛ս մեր դաշնակիցը կը շարունակէ կոտորել:

Վարչապետին պատասխանը.

Պատերազմի ընթացքին դաշնակիցի մը առաջարկուած հրապարակային յանդիմանութիւնը աննախադէպ արարք մը պիտի ըլլայ պատմութեան մէջ: Մեր միակ նպատակն է, որ Թուրքիան մեր կողմը պահենք մինչեւ պատերազմի աւարտը, անկախ անկէ, թէ այդ պատճառով հայեր կը մեռնի՞ն, թէ՞ ոչ:

Թորոնթօ – «Զօրեան» հիմնարկը ուրախ է յայտարարելու, որ երկար սպասուած «Հայոց ցեղասպանութիւն. փաստ գերմանական արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներէն, 1915-1916» գիրքին անգլերէն տարբերակը` հաւաքուած եւ խմբագրուած Ուալֆկանկ Կասթի կողմէ, վերջապէս հրատարակուած է «Պերկհամ գիրքեր»-ուն կողմէ: Ատիկա կը բովանդակէ հարիւրաւոր հեռագիրներ, նամակներ եւ զեկոյցներ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանական հիւպատոսական պաշտօնեաներէն, նոյնիսկ Պերլինի արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ կը նկարագրէ հայերու ցեղասպանութիւնը` գծապատկերներով եւ ցնցող մանրամասնութիւններով: Փաստաթուղթերը միանշանակօրէն կը հաստատեն երիտթուրքերու ցեղասպանական մտադրութեան եւ գերմանական կառավարութեան պաշտօնական հաւանութեան եւ մեղսակցութեան մասին:

Գիրքին գերմանական եւ թրքական հրատարակութիւններուն նախապէս հրապարակման լրատուամիջոցները ուժգնութեամբ արձագանգեցին.

– Frankfurter Allgemeine Zeitung [Գերմանիա] – «Հաւաքուած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն կարեւոր դաշնակից` գերմանական կայսրութեան պատասխանատուութիւնը … Անոնք այնքան չքողարկուած եւ վառ են, որ ընթերցողը յաճախ կը ցնցուի կարդալու ժամանակ»:

– Forum Wissenschaft [Գերմանիա] – «Վոլֆկանկ Կասթի փաստաթուղթեր, ժամանակակից գերմանական աղբիւրներու եւ Ռայխ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այս գերազանց քաղաքական-պատմական հրատարակութեան մէջ, արիւնահեղ իրադարձութիւնները… ինչպէս նաեւ գերմանական պետութեան քաղաքական համապատասխանատուութիւնը:

– Hurriyet Daily News (Թուրքիա)- «Եթէ դուք կարդաք գիրքը եւ տեսնէք փաստաթուղթերը, եթէ դուք այս գիրքին միջոցով ծանօթացած էիք թեմային, ապա կարելի չէ չհաւատալ ցեղասպանութեան եւ արդարացնել հայերը»:

Այս փաստաթուղթերու բացառիկ կարեւորութիւնը կ՛ընդգծուի այն փաստին շնորհիւ, որ միայն Գերմանիոյ դիւանագէտներն ու զինուորական պաշտօնեաները յաջողած են Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Թուրքիայէն դուրս բերել գրաքննութեան չենթարկուած զեկոյցներ: Բացի ամերիկացիներէն, որոնք պատերազմին չէզոք մնացին մինչեւ 6 ապրիլ 1917, գերմանացի դիւանագէտները եւ անոնց տեղեկատուները, Պաղտատի երկաթուղիի առաքելութիւններուն կամ պաշտօնեաներուն, Ցեղասպանութեան ամէնէն կարեւոր ոչ հայ ականատեսներն էին: Այս փաստաթուղթերը, որոնք խստօրէն նախատեսուած էին ներքին օգտագործման համար եւ երբեք չէին նախատեսուած հրապարակուելու, ուշագրաւ են իրենց բացայայտումներուն համար: Նոյնիսկ իբրեւ օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցները` գերմանացի պաշտօնեաները տակաւին պարտաւորուած կը զգային բարոյական եւ քաղաքական պատճառներով յայտարարելու եւ բողոքելու իրենց օսմանեան դաշնակիցներու կողմէ հայերու դէմ կատարուած վայրագութիւններուն մասին:

Նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս նախաձեռնած է այս մեծ ծրագիրին, Կասթ կը գրէ.

… Ես ցնցուեցայ տեսնելով, որ գերմանացիները կրկին կարեւոր դեր կը խաղան զանգուածային սպանութեան մէջ` Եւրոպայի ծայրը: Այս ցեղասպանութիւնը ո՛չ նախաձեռնուած, ո՛չ ալ իրագործուած էր գերմանացիներուն կողմէ, այլ լայնօրէն ընդունուած էր անոնց կողմէ: Կայսերական Գերմանիան երիտթուրքերու ամէնէն մօտ դաշնակիցն էր եւ անոնց հետ պաշտօնական ռազմական դաշինք ունեցած էր: Արդեօ՞ք կապ կար այդ երկու կարեւորագոյն ցեղասպանութիւններուն միջեւ: Արդեօ՞ք նացիները կրկնօրինակեցին Հայոց ցեղասպանութեան ձեւերը` գործուած երիտթուրքերու կողմէ: Արդեօ՞ք երկու համաշխարհային պատերազմները իրականութեան մէջ մէկ պատմական իրադարձութիւն եղած են, ինչպէս որոշ պատմաբաններ կը հաւատան:

Հարցումներ` հարցումներու վրայ. կայսերական Գերմանիան արդեօ՞ք եղած է մղիչ ուժ հայերու ցեղասպանութեան կամ նոյնիսկ գաղափարին աղբիւրը, ինչպէս ոչ գերմանացի որոշ պատմաբաններ կը կասկածէին… Արդեօ՞ք կայսերական Գերմանիան Հայոց ցեղասպանութեան անտարբերութեամբ կամ համակրանքով վերաբերեցաւ: Արդեօ՞ք որոշ գերմանացիներ կամ ղեկավարներէն մաս մը դիմադրեցին տեղահանութեան ու զանգուածային սպանութիւններուն: Եւ վերջապէս, արդեօ՞ք Գերմանիան կարողութիւնը ունէր Հայոց ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու, եւ եթէ անոնք այդ ուժը ունէին, ինչո՞ւ չեն օգտագործած ատիկա:

Այս հարցումներուն պատասխանները կը գտնուին այս բացառիկ 800 էջնոց հաւաքածոյին մէջ: Գիրքին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել «Զօրեան» հիմնարկ zoryan@zoryaninstitute.org կամ հեռախօսը 416-250-9807:

«Զօրեան» հիմնարկը շահոյթ չհետապնդող, միջազգային կեդրոն է` նուիրուած ժամանակակից հարցերու ուսումնասիրութեան եւ փաստագրութեան, որոնք կը կեդրոնանան Ցեղասպանութեան, սփիւռքի եւ հայրենիքի վրայ: «Զօրեան» հիմնարկը իր բաժանմունքին միջոցով, Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը, կը կազմակերպէ տարեկան դասընթացք` Համեմատական ցեղասպանագիտութիւն, Թորոնթոյի համալսարանին համագործակցութեամբ, եւ հիմնարկը համահեղինակ է «Ցեղասպանագիտութիւն միջազգային», հրատարակիչ Թորոնթօ համալսարանին հետ: Յաւելեալ մանրամասնութեան համար կապուիլ` zoryan@zoryaninstitute.org կամ հեռախօսով 416-250-9807:

«Զօրեան» հիմնարկ, Քանատա

 

 

 

Նախորդը

Պատմական Մկրտութիւն` Պատմական Շուշիում

Յաջորդը

750 Առաջադրում` 2018 Թուականի «Աւրորա» Մրցանակին

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.