Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, որուն ազդանշանը շատ հաւանաբար տրուի 15 հոկտեմբերին (ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու), գրեթէ բոլոր կազմերն ալ ամբողջացուցին իրենց օտարականները:
Սաժես եւս որոշ ձեւով կրցաւ ունենալ իր կազմը (հակառակ իր ունեցած դժուարութիւններուն), մինչ Թատամոն Զուքի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:
Հիւսիսային Լիբանանի ներկայացուցիչ Մութթահետ Թրիփոլի ամբողջացուց իր 3 օտարական մարզիկները, երբ խումբին վերջին միացողը եղաւ Սաժեսի նախկին մարզիկ Քալվին Կատֆրի: Անկէ առաջ Մութթահետին միացած էր Շանվիլի նախկին մարզիկ Տարիան Թաունզ, իսկ աւելի կանուխ` Սաժեսի մէկ այլ մարզիկը` Տեմարիուս Պոլտծ: Վերջինս Հանրի Շալհուպի անուան մրցաշարքին ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ:
2017-2018 տարեշրջանը պիտի ըլլայ վերջինը, որուն ընթացքին խումբերը իրենց կազմերուն մէջ կ՛ունենան երեք օտարական: 2018-2019 տարեշրջանէն սկսեալ խումբերը պիտի ունենան երկու օտարական:



