Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տինքի Սպանութենէն 15 Օր Առաջ Հայալ Հանդիպումներ Ունեցած Է Հետախուզական Կոմիտէի Անդամներու Հետ

October 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը, որուն ընթացքին պաշտպանական ճառ արտասանած է մեղադրեալներէն «Ֆոքս Թի.Վի.» թրքական ծառայութեան տնօրէն, լրագրող Էրճան Կիւն:

Նախորդ դատական նիստին ընթացքին ան պատմած էր, թէ ինչպէ՛ս Տինքի սպանութենէն ետք մամուլին մէջ տարածուած մարդասպան Օկիւն Սամասթի` թրքական դրօշով լուսանկարներն ու տեսագրութիւնը: Յիշեցնենք, որ Էրճան Կիւն այն լրագրողն է, որ առաջինը տարածած է այդ տեսագրութիւնն ու լուսանկարները:

«Ակօս» կը գրէ, թէ Կիւն պատմած է, որ իր ձերբակալութենէն ետք ան կիսազինուորական ոստիկանութեան նախկին աշխատակիցներէն մէկէն տեղեկացած է, որ Տինքի գործով մեղադրեալներէն Եասին Հայալը սպանութենէն 15 օր առաջ աշխուժ կապի մէջ եղած է Հետախուզական կոմիտէին հետ եւ պարբերաբար այցելած է կառոյցի գործակալներէն մէկուն:

«Կիսազինուորական ոստիկան Վայսել Շահին ըսաւ, որ լսած է, թէ Հայալը Տրապիզոնի մէջ կու գայ-կ’երթայ Հետախուզական կոմիտէ եւ յանձնարարութիւն ստացած է: Ատիկա տեղի ունեցած է սպանութենէն տակաւին 15 օր առաջ: Իսկ թէ ի՞նչ յանձնարարութիւն ստացած է` կիսազինուորական ոստիկանը չի գիտեր: Ըսաւ` չեմ ուզեր զիս խնդիրներու մէջ մտցնել», պատմած է Կիւն:

2012-ին Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպման մեղադրանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Եասին Հայալ նամակ գրած էր դատարան` պնդելով, որ սպանութեան գլխաւոր մեղաւորը գործով արդարացուած Էրհան Թունճելն է: 2013-ի հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած Էրհան Թունճելը ձերբակալութենէն ետք յայտարարած էր, որ ան կը վճարէ պետութեան համար կատարած ծառայութեան գինը:

Թունճել իր կարգին նիստի ընթացքին ամբողջ մեղքը բարդած է ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան վարչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն վրայ:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցագիր Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Այս Շաբաթ Շրջան Պիտի Այցելեն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.