Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ, վաւերացնելու համար կառավարութեան կողմէ փոխանցուած շարք մը օրինագիծեր, որոնց շարքին նաեւ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու կոչուած տուրքերու օրինագիծը:
Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը իր օրէնսդրական առաքելութեան շրջագիծին մէջ յանձնառու է այս թղթածրարը աւարտելու:
Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց զգուշանալու շրջանային զարգացումներէն:
Ան հաստատեց, որ ոմանք կը փորձեն արեան սահմաններ գծել` շրջանը բաժան-բաժան ընելու ծրագիրին ընդմէջէն: «Այս ծրագիրը, ինչպէս միշտ ըսած ենք, կը նպաստէ Իսրայէլի շահերուն», ըսաւ ան:
Յետմիջօրէին Պըրրի ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Հանդիպումին ընթացքին Քանաան Պըրրիին յանձնեց 2017-ի պետական ամավարկին մասին յանձնախումբին տեղեկագիրը:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին այդ տեղեկագիրին մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնայ:
Քանաան շեշտեց, որ Պըրրի դրական մօտեցում ցուցաբերած է` մաղթելով, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները այդ բարեկարգումները որդեգրեն` վերջ տալու համար 12 տարուան անկանոն մսխումներուն:
Այս առումով Քանաան նշեց նաեւ, որ առողջ հաշուեփակը իր կարգին կարեւոր է` աւելցնելով, որ կարելի չէ ընդունիլ ապառողջ հաշուեփակի դրութիւն:



