Սլովաքիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Քոմարնօ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Զվոլենի:
Յաղթական կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Արարատ Երեւանի նախկին յառաջապահ Դաւիթ Յովսէփեան:
Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանին, Թորփետօ Պելազ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Կորոտէայի: Հիւրընկալ կազմին երրորդ կոլը նշանակեց միջնապահ Անտրէյ Խաչատուրեան:
Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, կեդրոնական գօտիի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Գառնիկ Աւալեանի գլխաւորած կազմը` Ռիազան, 3-0 արդիւնքով յաղթեց Զորքիին: Երրորդ կոլը նշանակեց Մարտուն Աբովեան:



